Մուշեղ Իշխանի Յարգելի Յիշատակին (Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով)

ԳՐԻԳՈՐ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Moushegh-Ishkhani-hishadaginԴասական Յունաստանի մէջ արդիական մօտերումով դպրոցները մեծ հռչակ կը վայելէին եւ կը պատրաստէին ապագայ սերունդներ:

Քաղաք-պետութիւն Աթէնքը միակ վայրը չէր, ուր կ՛ուսուցանուէին արուեստ, գիտութիւն եւ զանազան փիլիսոփայութիւններ: Սակայն այս դպրոցներուն ամէնէն հռչակաւորը իմաստուն Պղատոնի ակադեմիան էր, Լ. Ա. 5-րդ դարուն: Այս ակադեմիան ճանչցուած էր իբրեւ ուսուցման վայր մը, ուր դաստիարակներ եւ աշակերտներ պարտէզին մէջ կը քայլէին` սորվելու եւ կարծիքներ փոխանակելու: Բնութիւնը պէտք էր անպայմանօրէն մաս կազմէր ուսուցման առաքելութեան: Ահա այդ էր ճեմելու մօտեցումը որ ծնունդ կու տար «Ճեմարան» բառին:

Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանն ալ կը ձգտէր ըլլալ այդ` դասական առումով մշակոյթի ուսուցման եւ գիտութեան ջահակիր արդի Ճեմարան: Եթէ Ճեմարանը գոյութիւն ունէր բնականաբար պէտք էր ըլլար համապատասխան պարտէզ` մարգագետինով, հսկայական կաղնիներով եւ արմաւենիներով: Այսպիսի գեղեցիկ պարտէզ իր կարգին կ՛ենթադրէր դաստիարակ ուսուցիչ ճեմողներ: Եւ ահա մեր դպրոցին ամէնէն հաստատ եւ հռչակաւոր ճեմողը համեստօրէն մեր մէջ ապրող մեր սիրելի բանաստեղծ ուսուցիչն էր` Մուշեղ Իշխան: Ան համեստ էր` հակառակ իր համբաւին: Մեր դպրոցի շրջափակին կիսանդրիներուն եւ փլաքներուն միջեւ ան անդադար կը ճեմէր: Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիներէն մինչեւ Սիմոն Վրացեանինը, ապա` Բարսեղ Կանաչեանին: Կը պտտէր հայ մշակոյթի այլ տիտաններ` Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի կամ Կոմիտաս վարդապետի յիշատակին զետեղուած պատի փլաքներուն քովէն` իր խոհուն եւ մտահոգ, անսխալ արտայայտութեամբ: Ճեմարանի այս արձանները մեր սիրելի դպրոցին կու տային հայ մշակոյթի ի պատիւ բաց թանգարանի մը երեւոյթը: Այդ մեր վտիտ հասակին, եւ տակաւին չհասած միջնակարգի` Մուշեղ Իշխանի ուսուցած դասարանները, արդէն կը գիտակցէինք, թէ որքան արժէքաւոր էր ան: Վստահ էինք, որ վատառողջ, բայց անդադար ճեմող ուսուցիչը ինքն ալ իր կարգին իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ սփիւռքահայ գրականութեան պանթէոնին մէջ: Առածը կ՛ըսէ, թէ ոչ ոք մարգարէ է իր բնիկ երկրին մէջ: Սակայն մեր սիրելի Մուշեղ Իշխանի պարագային մեր հաւաքական ենթագիտակցութեան մէջ միշտ կար արդէն սէր եւ յարգանք` իբրեւ բոլորին պարծանք: Նոյնիսկ եթէ յաճախ մեր պատանեկան անկարգութիւններով եւ անկրթութիւններով կը սպառէինք մեր սիրելի գրագէտ-ուսուցիչին շատ կարճ համբերութիւնը: Բարեբախտաբար, սակայն, կը յաջողէինք մենք մեզ կարգի հրաւիրել եւ հանդարտիլ` ի տես իր ակնթարթի մէջ ջղայնութեան եւ կաս-կարմիր դարձող երեսին, կարծէք սրտի կաթուած մը անցընէ: Դպրոցական օրերէս դուրս, ան կիրակի օրերն ալ կանուխ կու գար ՀՄԸՄ քաղաքի ակումբը, հոն ալ հանդարտօրէն ճեմելու: Պասքեթհպոլի դաշտին վրայ անդադար կը պտտէր եւ հրճուանքով կը դիտէր մրջնիկ, գայլիկ, արենուշ եւ սկաուտ խումբերու հաւաքը: Ներկայ կը գտնուէր մեր դրօշակի արարողութեան, երբ մենք կը բարձրացնէինք մեր պաշտելի եռագոյն դրօշը: Մեծ եղեռնէն ճողոպրած մեր սիրելի ուսուցիչը որքա՜ն հպարտ զգալու էր` ի տես հարիւրաւոր մանուկներու եւ պատանի-երիտասարդներու, որոնք կու գային վառ պահելու իրենց հայկական պատկանելիութիւնը այդ փիւնիկեան գաղթօճախին մէջ: Յիշատակդ անմար մնայ սիրելի ուսուցիչ: Գործդ եւ ուսումնական վաստակդ կարեւոր օղակներ են, որոնք կը հիւսեն մեր գրականութեան ոսկեայ շղթան:

 

 

Մարտ, 2014

Մոնրէալ

Share this Article
CATEGORIES