Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանին Հետ Զրոյց. Սուրիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Վերաբերող Աշխատանքները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

DSC09133Շաբաթ, 1 մարտ 2014-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան: Առիթէն օգտուելով` դեսպանին հետ ունեցանք զրոյց մը` Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան ու դժուար պայմաններուն մէջ սուրիահայ համայնքի կողմէ ձեռնարկուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման աշխատանքներուն շուրջ:

Դեսպան Փոլատեան յայտնեց, որ Լիբանանի նման, Սուրիոյ մէջ եւս գոյութիւն ունի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբ մը, որ երկրին մէջ տիրող առարկայական պայմաններուն բերմամբ կը գործէ երկթեւ ձեւով, աւելցնելով, որ Սուրիոյ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի Դամասկոսի եւ Հալէպի մասնաճիւղերը կը գործեն համակարգուած ձեւով: 2011-2012  տարիներուն յանձնախումբը յաջողած է, որոշ աշխատանքներ տանիլ եւ միացեալ նիստեր գումարել:

Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանը ըսաւ, որ ներկայ պատերազմական պայմանները դժբախտաբար կը խանգարեն աշխատանքները 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբին, որուն երկու մասնաճիւղերուն միջեւ պարբերաբար հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, սակայն առարկայական պայմանները առիթ չեն տար, որ յանձնախումբը իր ամբողջ կարողականութեամբ ու թափով աշխատի: Այդ պատճառով ալ յանձնախումբին մշակած ծրագիրները դժբախտաբար մինեւ օրս թուղթի վրայ մնացած են: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ կացութիւնը կը հանդարտի եւ յանձնախումբը կը կարողանայ թէ՛ Դամասկոսի, թէ՛ Հալէպի եւ թէ՛ Սուրիոյ այլ շրջաններու մէջ որոշ աշխատանքներ կատարել:

Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանը ըսաւ, որ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի արծարծման մակարդակը նախքան Սուրիոյ տագնապի ժամանակաշրջանէն բոլորվին տարբեր է: «Կարծէք, թէ այսօր այդ նիւթը արծարծելու եւ քննարկման առարկայ դարձնելու համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են», նշեց Փոլատեան` աւելցնելով, որ այդ պայմանները 2000- 2011 գոյութիւն չունէին, որովհետեւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու աշխուժացման այդ ժամանակահատուածին մէջ պայմանները մեզի համար նպաստաւոր չէին, իսկ այժմ որոշ առումով, սուրիական քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ հետաքրքրութիւն մը կը նկատուի:

Փոլատեան յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ տարբեր մակարդակներու վրայ բաւական հետաքրքրութիւն գոյութիւն ունի եւ սուրիական մամուլին մէջ այդ նիւթին շուրջ  յօդուածներ լոյս կը տեսնեն: Վերջին օրերուն Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի դիմած է դեսպանատան` Հայաստան պատուիրակութիւն ուղարկելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարժանկար պատրաստելու համար: Դեսպանը նշեց, որ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի պատուիրակութիւնը շուտով, հաւանաբար մարտի առաջին կիսուն, պիտի այցելէ Հայաստան` կատարելու համար ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ շարք մը հարցազրոյցներ: Սուրիական կողմը առաջարկած է հարցազրոյց կատարել Հայաստանի նախագահին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որոշ նախարարներու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին եւ գիտահետազօտական ասպարէզի մասնագէտներու հետ: Պատրաստուած շարժանկարը ենթադրաբար պիտի ցուցադրուի ապրիլ 24-ին:

Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ տարբեր մակարդակներու վրայ կը խօսուի Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մասին, ինչ որ կ՛ենթադրուի, որ դժուար թէ իրականութիւն դառնայ` հաշուի առնելով Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութեան խնդիրները, մանաւանդ` Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան կապուած շարք մը ազդակներ: Ինչպէս վերջին տարիներուն կը նկատուի, սուրիական քաղաքական շրջանակները Թուրքիոյ նկատմամբ երկակի քաղաքական գիծ որդեգրած են: Ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ կը հնչեն սուր քննադատութիւններ Թուրքիոյ, մանաւանդ Էրտողանի կառավարութեան հասցէին: Սուրիական քաղաքական ղեկավարութեան քննադատութեան թիրախը Էրտողանն ու անոր կառավարութիւնն է, սակայն նոյն ատեն փորձ կը կատարուի ժողովրդային ու հասարակական շրջանակներու հետ յարաբերութեանց ջերմութիւնը պահել ու զայն չվտանգել: «Այս իմաստով, կ՛ենթադրեմ, որ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կրնայ որոշ դժուարութիւններ ունենալ, եւ սուրիական իշխանութիւններ դժուար  թէ փորձեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները նաեւ ժողովրդային մակարդակով փճացնել», ըսաւ ան:

Փոլատեան ըսաւ, որ շշուկներ կան, որ այդ հարցով հրապարակ գայ փաստաթուղթ մը, որ կը վերաբերի ընդհանուր առմամբ քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան, ինչ որ որոշ չափով կը նուազեցնէ Հայոց ցեղասպանութեան կշիռը` նկատի ունենալով, որ հայերու կորսուտները, թէ՛ մարդկային, թէ՛ նիւթական առումով, շատ աւելի մեծ ու անհամեմատելի են քրիստոնեաներու ջարդերուն հետ, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան մակարդակին վրայ չեն: Դեսպանը ոչ ցանկալի նկատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը քրիստոնեաներու ջարդի վերաբերող փաստաթուղթի մը մէջ ներառումը, որովհետեւ այդ մէկը կը նսեմացնէ մեր հարցը:

Դեսպանը յայտնեց, որ ինք վերջին շրջանին կեդրոնացած է Հայոց ցեղասպանութեան ու ատոր ժամանակակիցներու յուշերու վերաբերող որոշ փաստաթուղերու շուրջ աշխատանքներու վրայ` աւելցնելով, որ այդ յուշերուն մէջ մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք քրիստոնեաներու ջարդերուն հետ կապուած որոշ յուշերու, յատկապէս` Հայաստանի հարաւարեւմտեան գաւառներուն մէջ, ինչպէս` Տիգրանակերտի եւ Մերտինի, ուր ասորիներ եւ քրիստոնէական այլ փոքրամասնութիւններ հայերու կողքին ապրած են:

Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանը յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը փոխուի, մանաւանդ որ Սուրիան այն երկիրն է, դէպի ուր հայ ժողովուրդը բռնի քշուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած է, այդտեղ կը գտնուին այդ մէկը վկայող Տէր Զօրը եւ Մարկատէն, որոնք մեզի համար սրբավայրի վերածուած են: Դեսպանը նշեց, որ վերջին շուրջ մէկ ու կէս տարուան ընթացքին կարելի չէ եղած այդ վայրերը այցելել, սակայն յստակ է, որ եկեղեցին ռմբակոծուած է, եւ ընդդիմադիրներն ու իշխանութիւնները այդ հարցով զիրար մեղադրած են: Ան ափսոսանքով յիշեց, որ դարձեալ հայու բախտն էր, որ Ցեղասպանութեան խօսուն վկայ եղող Տէր Զօրը, ուր մեծ աշխատանք կատարուած էր, այս վիճակին մէջ յայտուեցաւ: Ան նշեց, որ Տէր Զօրի մէջ ճանաչում ունեցող Վարդանեան ընտանիքը,   մեծ աշխատանք կատարած էր եւ` այդ յուշակոթողի «պահապան հրեշտակը» դարձած: Ընտանիքին կրտսեր զաւակը` Սուրէն Վարդանեան, նաեւ նշանակուած էր Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս: Վերջինս իր ընտանիքին հետ ստիպուեցաւ հեռանալ շրջանէն եւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութիւնը փակուեցաւ:

Զրոյցի վերջաւորութեան Փոլատեան ըսաւ.«Երկրին մէջ տիրող վիճակը մեծ վնաս հասցուց մեր պատմական գաղութին. հայաթափուեցաւ Ռաքքան, ուր մեր եկեղեցիները վնասներ կրեցին, շատ մեծ կորուստներ կրեց Հալէպը, ուր անասելի վիճակ կը տիրէ, ինչպէս նաեւ` բոլոր շրջաններուն մէջ: Այսօր Սուրիոյ հայութեան համար ստեղծուած է ծանր կացութիւն. գոյութիւն ունի արտագաղթ, Հալէպը եւ այլ շրջաններ կամաց կամաց կը հայաթափուին»: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ շուտով կու գայ այն օրը, երբ հայը կը շտկէ իր մէջքը եւ կ՛ապրի իր ստեղծագործ աշխատանքով:

 

Share this Article
CATEGORIES