Արցախի Անկախացումը Պիտի Նպաստէ Կովկասի Խաղաղութեան. Ֆրանսացի Երեսփոխաններ

le-monde-24022014«Սատար կանգնիլ Արցախի Հանրապետութեան` կը նշանակէ նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութեան ամրակայման», այս մասին գրած են Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի հիմնադիր անդամներ եւ ֆրանսացի երեսփոխաններ` Ֆրանսուա Ռոշպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ Կի Թեսիէ «Լը Մոնտ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ:

Անոնք շեշտած են, թէ միջազգային համայնքը պէտք է անյապաղ ճանաչում շնորհէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:

Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը զրկուած են բնականոն եւ խաղաղ զարգացման հեռանկարներէ: Պէտք է ձեռք բերել խաղաղութիւնը` ճանչնալով փաստերու իրողութիւնը եւ գիտակցուած կերպով ու կամովին` ձեռնարկել թափանցիկ երկխօսութեան, որուն վերջնական հեռանկարը պիտի ըլլայ գործուած սխալներու սրբագրումը: Բայց անոր համար անհրաժեշտ է, որ բազմակարծութեան եւ ընդհանուր առմամբ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւնը իրական ըլլայ երկխօսութեան կողմ հանդիսացող իւրաքանչիւր պետութեան մէջ»:

Անոնք նաեւ կը նշեն, թէ ինչպէս բոլոր Ղարաբաղ այցելածները, իրենք եւս «անցանկալի անձ» յայտարարուած են ազրպէյճանական իշխանութեանց կողմէ` նման որակումներ «զաւեշտալի եւ ապակառուցողական գործելաոճ» նկատելով:

«Խաղաղութեան ձեռքբերում պիտի կատարուի անցեալի վէրքերու բուժումով: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը յայտնի է ոճրագործութիւններով, որոնց վրայ անհրաժեշտ է լոյս սփռել: Անոնց զոհ գացած են հայեր` Սումկայիթի, Կիրովապատի կամ Մարաղայի մէջ, եւ մեսխեթցիներ` Խոջալուի մէջ: 1988 Փետրուար 27-ի Սումկայիթի ջարդերը, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր մարդիկ, հանդիսացան հակամարտութեան դրդապատճառ», գրած են անոնք` եզրակացնելով. «Յոյս ունինք, որ այս կոչը, որ մեր սեփական մօտեցումն է, արձագանգ կը գտնէ Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան մօտ, եւ հոն ի յայտ կու գան նոր ուժեր, որոնք ի զօրու են հրաժարելու ատելութեան քարոզչութենէն եւ նայելու ապագային: Եթէ այդ ուժերը ի յայտ գան, եթէ ծնին երկխօսութեան եւ շփումներու նախաձեռնութիւններ, ապա անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ մեր համեստ շրջանակը կ՛ըլլայ իրենց յենարանը եւ աջակիցը»:

Share this Article
CATEGORIES