Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ Լուսաւորիչ Միտքերու
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Կաթողիկոսութիւնը Երկուքի Բաժնուած Շամուէլ
Վաղարշապատի, Իսկ Ս. Սահակ` Բագրեւանդի Մէջ
Արշակունեաց թագաւորութիւնը վերջ գտած էր 428-ին: Սահակ կաթողիկոս չորս տարի մնացած էր աքսորի մէջ. ուստի 432-ին, երբ Շամուէլի եւ պարսիկ մարզպանին հետ կը վերադառնար Հայաստան, արդէն շուրջ 85 տարեկան էր: Քանի որ Շամուէլ հաստատուած էր Վաղարշապատի հայրապետանոցին մէջ, Սահակ հեռանալով Վաղարշապատէն` իր աթոռանիստ վայրը ընտրեց Բագրեւանդի Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ կառուցուած տաճարը` իր շուրջ ունենալով իր աշակերտներէն քանի մը հոգի:
Շամուէլ հետեւելով Բրքիշոյի օրինակին` Հայաստան եկած էր իր ասորի ազգակիցներով եւ կիներով: Երբեմնի սրբատեղի հայրապետանոցը լեցուած էր շուայտ ու զեխ կենցաղով ապրող ասորիներով: Շամուէլ եւ իր օգնականները բնականաբար անհաղորդ էին Հայ եկեղեցւոյ ոգիին, արարողութեանց եւ առհասարակ հայկական մշակոյթին: Ո՛չ եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը եւ ո՛չ ալ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքները կը հետաքրքրէին զիրենք: Շամուէլ, ըստ Խորենացիի, ագահութեան տեսակէտէն կը գերազանցէր Բրքիշոն, քանի որ, մինչ վերջինը` որ կը յափշտակէր միայն վախճանեալ եպիսկոպոսներու վիճակները, սա նաեւ` ողջերուն վիճակները, որովհետեւ թոյլ չէր տար Մեծն Սահակին, որ մեռածներուն տեղը նոր [եպիսկոպոսներ] ձեռնադրէ, իսկ ողջերուն պարագային, չնչին պատճառներ գտնելով արքունական հարկերու խափանման մէջ, զանոնք կը հալածէր եւ բոլորին թեմերը խլելով` կը իւրացնէր»*:
Ուստի զարմանալի չէ, որ Շամուէլ եւս, Բրքիշոյի նման, շուտով ատելի դարձաւ բոլոր եպիսկոպոսներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Իր գործած բազմաթիւ անարդարութեանց եւ չարիքներուն պատճառով բոլոր եպիսկոպոսները խզած էին իրենց կապը անոր հետ. արհամարհելով զինք` անոր մօտ չէին երթար: Ան այս ընթացքով ապրեցաւ հինգ տարի եւ մեռաւ Հայաստանի մէջ:
Ամբողջութեամբ նոր կացութիւն մը ստեղծուած էր հիմա, քանի որ հակառակ յառաջացած տարիքին` տակաւին կ՛ապրէր Սահակ կաթողիկոս իր Բագրեւանդի նոր հայրապետանոցին մէջ:
Հայ Նախարարներ Սահակ Կաթողիկոսին Մօտ
Խնդրանք` Վերադառնալու Հայրապետական Պաշտօնին
Շամուէլի մահով դարձեալ թափուր մնաց Վաղարշապատի կաթողիկոսական աթոռը: Այս անգամ նախարարները հրաժարեցան կրկին Տիզբոն երթալու գաղափարէն: Անդրադարձած էին այն պատմական սխալին, որ հակառակ Սահակ կաթողիկոսի կամքին անոնք կատարած էին: Հիմա ո՞վ տէր պիտի կանգնէր հայութեան ընդհանրական շահերուն: Արշակունեաց թագաւորութիւնը վերջ գտած էր, երկիրը կը կառավարէր պարսիկ մարզպանը, որուն գլխաւոր մտահոգութիւնն էր առաւելագոյն չափով հարկեր գանձել եւ Տիզբոն ուղարկել: Իսկ Սահակի պաշտօնանկութենէն ետք, Վռամի կողմէ նշանակուած երեք յաջորդական կաթողիկոսները զիրենք յուսախաբ ըրած էին: Ո՞վ, իր բարձր հեղինակութեամբ, հայ իշխանները իրարու մօտ պիտի բերէր, անոնց միջեւ`, գէթ համազգային նպատակներու իրագործման ի խնդիր, համագործակցութիւն ստեղծէր: Հիմա նոր հասկցան Սահակ կաթողիկոսին` «Ես իմ հիւանդ ոչխարս օտարի առողջ գայլին հետ չեմ փոխեր» յորդորին իմաստը: Այս տխուր վիճակին մէջ թերեւս միակ մխիթարական պարագան Մեսրոպի ներկայութիւնն էր Վաղարշապատի մէջ` որպէս տեղակալ Սահակ կաթողիոսի, յատկապէս` անոր աքսորէն վերադարձէն եւ Բագրեւանդի մէջ հաստատուելէն ետք:
Ուստի հայ նախարարները զղջալով իրենց ազգադաւ արարքներուն համար` փրկութեան ուրիշ ելք չէին գտներ, բացի Ս. Սահակի դիմելէ: Խորենացի համառօտ կերպով, իսկ Փարպեցի աւելի մանրամասնօրէն նկարագրած են այս դէպքերը:
Խորենացի կ՛ըսէ, «Այն ժամանակ բոլոր նախարարները հաւաքուեցան, գացին Մեծն Սահակի մօտ, խոստովանեցան իրենց յանցաւոր ըլլալը եւ աղաչեցին, որ դարձեալ դառնայ իր աթոռը. անոնք կը խոստանային, որ պարսիկներու թագաւորէն հաստատել կու տան [իր կաթողիկոսական պաշտօնը]. ուխտի գիր կու տան, որ նոյն իշխանութիւնը ժառանգաբար կը փոխանցեն իր թոռներուն: Բայց ան յանձն չէր առներ»*:
Փարպեցի նոյն տեղեկութիւնները տալով` կը գրէ. «[հայ նախարարները] դարձեալ հաւաքուեցան միահամուռ, գացին-ինկան Սուրբ Սահակի ոտքերը եւ աղերսագին թախանձելով եւ բազմազեղ արտասուք թափելով ճշմարիտ քահանայապետին առջեւ` ըսին. «Մեղանչած ենք երկնքի դէմ եւ քու առջեւ: Ներէ մեղաւորներուս Գրիգոր Լուսաւորչին նման, որ ներեց զինք անչափ տանջած ու խոշտանգած մեր նախնիներուն»:
Սահակ հայրապետին պատասխանը աւելի պատճառաբանուած ձեւով կու տայ Փարպեցին այսպէս: Նախ կը յայտնէ, որ ինք ո՛չ ոքի վրայ բարկացած է, ներելը քրիստոնէական առաքինութեանց մաս կը կազմէ, ինչպէս Յիսուս զինք խաչ հանողներուն համար խնդրեց երկնաւոր հօրմէ ներել անոնց մեղքերը. սակայն չի կրնար հովուապետ դառնալ «ՏԻՐԱՆԵՆԳ, ՏԻՐԱՍՊԱՆ եւ ՄԱՏՆԻՉ բնակչութեան վրայ»**: Այնուհետեւ կը պատմէ անոնց այն տեսիլքը, որ ունեցած էր տարիներ առաջ: Վերին կանխագիտութիւնը, մարգարէական տեսիլքի օրինակով» ցոյց տուած էր իրեն, ապագային Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք աղէտները:
Այստեղ աւելորդ կը գտնենք այդ տեսիլքի մանրամասնութեանց եւ մեկնաբանութեան մէջ մտնելը. Փարպեցի ընդարձակ կերպով անդրադարձած է այդ տեսիլքի պատմութեան:
Ս. Սահակի մեծագոյն վիշտերէն մէկը արու զաւակ չունենալն էր: Իր միակ աղջիկը` Սահականուշ ունեցած էր երեք տղայ զաւակներ, որոնք դաստիարակուած էին Սահակի շունչին տակ եւ դարձած` իր անմիջական գործակիցները` թէ՛ կրօնական ու մշակութային եւ թէ՛ քաղաքական ու դիւանագիտական խնդիրներու լուծման մէջ: Ուստի ինք գիտէր, որ իրմով վերջ պիտի գտնէր Գրիգոր Լուսաւորիչի ժառանգներուն հայրապետական գահ բարձրանալը:
Ինչ կը վերաբերի նախարարներու առաջարկին, բնականաբար Սահակ կաթողիկոս խորապէս վիրաւորուած եւ վշտացած էր հայոց աշխարհի մեծամեծներուն իր նկատմամբ ցուցաբերած ապերախտութենէն, որուն պատճառով կորսնցուցած էր իր վստահութիւնը անոնց նկատմամբ. անշուշտ խոր ծերութեան պատճառով իր առողջական վիճակն ալ թոյլ չէր տար իրեն կրկին ու կրկին անգամ մտնել այն ծանր բեռան տակ, որ հայրապետական պաշտօնը պիտի դնէր իր ուսերուն Վաղարշապատի մէջ:
Այս հանգրուանին ան արդէն 89 տարեկան էր. նուիրուած աղօթական կեանքի` շրջապատուած էր իր քանի մը սիրելի աշակերտներով: Իր ուժերուն ներած չափով կը զբաղէր թարգմանական աշխատանքերով, երբեմն շրջագայելով Տարօնի մէջ` կը մխիթարէր իր հօտին զաւակները իր քարոզներով:
(Շար. 13)
* Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԶ:
* Խորենացի, անդ, Գլ. ԿԶ:
** Փարպեցի, անդ, Գլ. ԺԶ եւ ԺԷ:

