Հեղուկ Ինքնութիւնը Էկոյեանի «Հարազատ»-ին Մէջ
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Յօդուածը ընդլայնումն է այն գաղափարներուն, որոնք արտայայտուեցան Աթոմ Էկոյեանի «Նեքսթ աֆ քին»(1) ժապաւէնի քննարկման ընթացքին:
Ներածական.- Ժապաւէնին հերոսը` Փիթըր Ֆոսթըր, որ ակնյայտօրէն «ճերմակ» WASP(2) մըն է, կ՛որոշէ դառնալ Քանատա ներգաղթած Տէրեաններու կորուսեալ զաւակը` Պետրոս: Անգլերէնին մէջ «to foster» բայը կը նշանակէ որդեգրել, այսինքն` «Տէր» դառնալ: Ուրեմն Փիթըր Ֆոսթըր կը դառնայ Պետրոս Տէրեան(3): Զուգադիպութիւններ. Փիթըր 23 տարեկան է: Աթոմ Էկոյեան նոյնպէս 23 տարեկան էր, երբ գրեց ժապաւէնին բեմագրութիւնը: Փիթըր կիթառ կը նուագէ: Սաունտ թրեքի կիթառահարը նոյնինքն Էկոյեանն է: Փիթըր կ՛որոշէ ստանալ նոր ինքնութիւն: Էկոյեան, որ մինչեւ համալսարան մուտքը կատաղօրէն կը մերժէր խօսիլ հայերէն(4), կ՛որոշէ, ուշադրութի՛ւն, կը կրկնեմ, կ՛որոշէ, յայտարարել իր ազգային ծագումը: Ժապաւէնի սկզբնաւորութեան, օդակայանի տեսարանին մէջ Էկոյեան կը վերցնէ Փիթըրին պայուսակը: Պայուսակը վառ կարմիր է, եւ պահ մը կը լեցնէ ամբողջ պաստառը, որպէսզի յանկարծ մեր ուշադրութենէն չվրիպի: Քանի՞ ազդանիշ պէտք էր տար Էկոյեանը, որպէսզի բոլոր հանդիսատեսները անխտիր անդրադառնային Փիթըր-Էկոյեան զուգահեռին …
Կենսագրական .-
Էկոյեան ուսանողական տարիներուն (5) կը սորվի կիթառ նուագել եւ կը շարունակէ իր թատերական փորձերը: Կը գրէ «Օփըն հաուս» կարճամեթրաժ (30 վ.) ժապաւէնին բեմագրութիւնը: Նախասիրած հեղինակներն էին Իոնեսքոն եւ Պեքեթը …անհեթեթի վարպետներ: Աւարտելէ ետք կ՛ընդունուի Թերրակոն թատրոն` որպէս թատերագիր: Էկոյեան կը պատմէ, թէ չորս ամառ աշխատած է որպէս օթոպիւսի ուղեցոյց(6): Բազմաթիւ օտարականներու հետ կապ հաստատելու փորձառութիւնը զինք մղած է դէպքերը տեսնելու …բազմաթիւ անկիւններէ:
Համալսարանական տարիներուն կ՛անդամակցի հայկական միութեան մը: Կը մասնակցի հայկական ձեռնարկներու: Կը սկսի հոգեկան հաճոյք առնել իր «տարբեր պատկանելիութենէն»: Այսինքն Էկոյեան այս անգամ կը ձգտի տարբերուելու՛ իր շրջապատէն: (7)
«Նեքսթ աֆ քին» ժապաւէնին ճամբով կը ծանօթանայ եւ կ՛ամուսնանայ Արսինէ Խանճեանին (8) հետ: Ա. Խանճեան ծանօթ է իր ազգայնական կեցուածքներով: Բայց անցեալ 30 տարիներու ընթացքին Էկոյեան հայերէն կարդալ չէ սորված: Խօսակցական լեզուին քիչ ծանօթ է: Ինքզինք երբեք չէ համարած «սփիւռքահայ» մը: Որպէս փոսթմոտեռն` Էկոյեան ինքնութիւնը առհասարակ եւ ազգային ինքնութիւնը մասնաւորաբար կը տեսնէ որպէս մտացածին կառոյց: Իր ժապաւէններուն մէջ, եւ աւելի յստակօրէն հարցազրոյցներու ընթացքին, հարցին կը մօտենայ զուտ հոգեբանական տեսանկիւնէ: Այս կեցուացքը յստակօրէն` առկայ է «Արարատ» ժապաւէնին մէջ …
«Նեքսթ աֆ քին»-ի Դիպաշարը .-
Փիթըր կ՛ապրի պաղ եւ զուսպ ընտանիքի մը մէջ: Ընկերներ չունի: Ամբողջ օրը կ՛անցընէ ձեւացնելով: Հոգեբուժի գրասենեակին մէջ պատահմամբ ձեռք կը ձգէ տագնապահար այլ ընտանիքի մը տեսերիզներն ու թղթածրարը: Տէրեանները իրենց չքաւոր օրերուն որոշած են հրաժարիլ իրենց առաջնեկ Պետրոսէն: Յանցանքի զգացումը կը խանգարէ ընտանեկան յարաբերութիւնները, մանաւանդ` հօր եւ աղջկան միջեւ: «Խանգարուած» ընտանիքի թեման առկայ է Էկոյանի գրեթէ բոլոր ժապաւէններուն մէջ: Այստեղ կարելի է յիշել, որ «Նեքսթ աֆ քին»-ին մէջ սաղմնային ձեւով կը տեսնուին Էկոյեանի յաջորդող ժապաւէններու գրեթէ բոլոր թեմաները:
Փիթըր կ՛որոշէ խաղալ կորսուած որդիին դերը: Տէրեանները առանց հարց ու փորձի կ՛ընդունին զինք որպէս հարազատ: Կ՛ընդունին WASP մը, որ ակնայայտօրէն չէր նմաներ ոեւէ մէկուն: Չէր նմաներ մանաւանդ Պետրոսի լուսանկարներուն, որուն մազերը, ի դէպ, սեւ եղած են: Այս աննհաւատալի «միամտութեան» բացատրութիւնը ա՛յն է, որ բոլորը կը ձեւացնեն: Կը ձեւացնեն, որովհետեւ յուսահատօրէն կը հաւատան, որ խորտակուած ընտանիքը կը փրկուի եւ կը միանայ այդ «ստեղծագործ սուտին» միջոցով: Այս գաղափարը կը շեշտուի «Ապրիլ մէկ»-ի գողութեան միջադէպի աւարտին, երբ Ֆազլեան մատով ցոյց կու տայ իր գլուխը եւ կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ այստե՛ղ է»: Այսինքն` մտացածին, հնարովի:
Տէրեաններու համար Պետրոս կը մարմնաւորէր(9) կորուսեալ հայրենիքը: Անոր սուգը կորուսեալ հայրենիքի սուգն էր: Կորուստը ամէնէն աւելի կը ճնշէր հօր վրայ: Ընտանիքի «նահապետ»-ն էր, որ ամէնէն աւելի կարիքը ունէր վերագտնելու Պետրոսը : «Պետրոս»-ը վերագտնելը իրենց համար այնքան անհրաժեշտ էր, որ պատրաստ էին այդ բացայայտ օտարը ընդունիլ որպէս հարազատ:
Սուգը եւ ինքնութեան կերտման գործնթացը Էկոյեանի բոլոր հերոսներու եւ, հետեւաբար, պատումի գլխաւոր մղիչ մեքանիզմն է իր հետագայ գործերուն մէջ …սկսեալ այն թատրերգութենէն, որ գրած էր երբ տակաւին 13 տարեկան էր:
Գոյութենական հարցեր .-
Ներգաղթած երկրորդ սերունդը այլեւս ուղղակի կապուած չէ իր ծնողներու հայրենիքին: Բայց միեւնոյն ատեն չի կրնար հիմնովին մերժել իր ազգային ծագումը: Տարագրուած մարդու աշխարհը մասնատուած է, տարածականը օտար, իսկ ժամանակի զգացողութիւնը` անմիատարր եւ անհամաչափ: Այս սերունդի ինքնութիւնը «հեղուկ» է, հետեւաբար` «ձեւաւորելի»(10): Ինքնութեան այս կերպընկալ յատկանիշը «հմայած» է Էկոյեանը: Ան կ՛ըսէ.
«Կը գիտակցէի, թէ ես դրսեցի մըն եմ, թէ` անգլերէնը իմ մայրենին չէ: Կը յիշեմ, թէ ի՛նչ կը նշանակէր ստանալ մշակոյթ մը եւ զայն սորվիլ միշտ զգալով, թէ այդ «կերտուածք» (construct) մըն է : Ե՞րբ է, որ մէկը կը մտնէ տուեալ մշակոյթէ մը ներս: Ե՞րբ է, որ անձագիր կը ստանայ: Ե՞րբ կրնաս դուն քեզի արտօնել ըսելու, թէ դուն անձ մըն ես, որ կը պատկանի այս տեղին»:
Չորս գլխաւոր դերակատարներուն համար ալ ինքնութիւնը տագնապայարոյց հարց է: Պարզ է, որ Տէրեանները, որպէս ներգաղթած ընտանիք, կ՛աշխատին հաստատել իրենց նոր, բազմերես, «խառնածին» ինքնութիւնը:
Փիթըր եւս կը «գաղթէ» : Բայց ուշադրութի՛ւն, Փիթըր այդ քայլը կ՛առնէ ոչ թէ անոր համար, որ հիացած է հայ մշակոյթով: Փիթըր չի ճանչնար իսկ հայերը: Ան նոր ինքնութիւն մը կերտելով` կ՛ուզէ իմաստ տալ իր ձանձրալի կեանքին: Իր կոճկուած ընտանիքը աղմկոտ օտարներով փոխարինելը կը տեսնէ որպէս հետաքրքրական արկածախնդրութիւն, հոգեբանական խաղ:
Ճորճ, որ կորսնցուցած իր նախկին մեծ հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու զաւակները (Ազահ լքած էր հօր տունը), կը ձեւացնէ, թէ գոհ է իր կեանքէն, թէ` կը սիրէ Ամերիկան, թէ` հպարտ է իր կառուցած կրպակով: Բայց Ճորճ յստակօրէն դժբախտ է, իր մաղձը կը թափէ աղջկան վրայ: Կանոնաւորաբար կը յաճախէ անորակ քապարէներ:
Տէրեանները, եւ առհասարակ Էկոյեանի գործերու բոլոր դերակատարները յուսահատօրէն կը փորձեն դասաւորել իրենց խառնաշփոթ, քաոսային զգացական աշխարհը: Կը փորձեն դիւահանել (11) (exorcise) իրենց անցեալը, վտարել զիրենք դատապարտող ստուերները:
Որպէս համոզուած փոսթմոտեռն, Էկոյեան «հեռու» կը մնայ իր հերոսներէն: Թոյլ չի տար նաեւ, որ հանդիսատեսը «նոյնանայ» իր հերոսներուն հետ: «Հարազատ»-ի դերակատարներէն ոչ մէկը «համակրելի» է: Էկոյեան իր ժապաւէններուն կու տայ զգացական հզօր լիցք, բայց երբեք չ՛արտօներ, որ հանդիսատեսը դառնայ «զգացական»:
Էկոյեանի քամերան
Էկոյեան իր ժապաւէններուն մէջ մեծ տեղ կու տայ վիտէոյին, որ կարելի դարձուց դիւրին եւ աժան ձեւով արձանագրել առօրեան: Ձեւով մը դարձաւ մեքենական «յիշողութիւն»(12): Վիտէոյի պատկերները պղտոր են` բաղդատած սինեմային, ինչպէս որ պղտոր են յուշն ու մտապատկերը` բաղդատած ուղղակի ներընկալումին: Վիտէոն կ՛արձանագրէ ընտրուած տեսարաններ, ինչպէս մեր ենթագիտակիցը կ՛որոշէ, թէ ո՞ր յիշողութիւները պէտք է որ պահուին: Վիտէոն եւ յիշողութիւնը «խմբագրուած» եւ յարատեւ խմբագրուող արձանագրութիւններ են: (13)
Դերակատարները ամէն պահու կը գիտակցին, թէ մէկը զիրենք կը դիտէ: Քամերան է այս պարագային դիտող «անձ»-ը : Փիթըր յաճախ ուղղակի կը նայի քամերային, այսինքն` հանդիսատեսին, շեշտելու համար այն զգացումը, որ ան կը դիտէ «ինքնզգօն » (self conscious) խաղ մը: Քամերան երբեմն կը «դիտէ» տարօրինակ անկիւններէ` հանդիսատեսին տալով այն տպաւորութիւնը, թէ ինք voyeur մըն է: Քամերան յաճախ կը դիտէ բարձր անկիւնէ` յիշեցնելով այն հսկող աչքերը, որոնք ցաւօք մեր առօրեային մաս կազմած են: Էկոյեան գործածած է 16 մմ ցած որակի ֆիլմերիզ, ինչ որ պատկերներուն կու տայ մշուշոտ տեսք: Լուսաւորումը առհասարակ մեղմ է: Արդիւնքը այն է, որ պատկերները աղօտ են: Այդ աղօտութիւնը կ՛արտացոլացնէ դերակատարներուն հոգեւոր եւ մտային անորոշութիւնը: Այստեղ կարելի է նշել, թէ Էկոյեանի ժապաւէններու նկարումի մնայուն պատասխանատուն է Փոլ Սարոսին:
Պատկերներու լեզուն
Ժապաւէնը կը բացուի օդակայանի մը մէջ, ուր ճամբորդներու պայուսակները կը շրջին թաւալող սարքին վրայ: Բայց անոնք անկենդան իրեր չեն: Ճամպրուկները կ՛անցնին քննութեան խցիկի սեւ վարագոյրէն այնպէս, ինչպէս արիւնը կ՛անցնի սրտի բլթակներէն(14):
Առաջին տեսարանը կու տայ առաջին «բանալին»: Օդակայանը անցման կէտ մըն է, ինչպէս նաեւ է մաքսանենգութեան (իմա` խաբէութեան) թատր: Օդակայանին մէջ կը գտնուին անոնք, որոնք կը փոխադրուին մէկ տեղէ դէպի միւսը: Ինչպէս ժապաւէնի «մաքսանենգ» հերոսը կը ճամբորդէ Փիթըրէն դէպի Պետրոս: Քալող ոտքերը կը շեշտեն երթի, գաղթի գաղափարը: Դարձող ճամպրուկներու շարժումը կը նմանի կարուսելի աննպատակ պտոյտին: Անոնք կրնան խորհրդանշել անկայուն, շրջուն ինքնութեան: Կարմիր ճամպրուկը, օրինակ, կը պարունակէ Փիթըրին յուշատետր – ձայներիզը: Այսինքն` յիշողութիւնը:
Երկրորդ «բանալին» ցոյց կու տայ, թէ Փիթըր իր ձանձրոյթը փարատելու համար ժամանակը կ՛անցընէ ձեւացնելով: Այս պարագային` ձեւացնելով, թէ սպանական կիթառ կը նուագէ : Շատ աւելի ուշ Փիթըր (իմա ` Էկոյեան) իսկապէս կը փորձէ նուագել նոյն եղանակը: Այս կը պատահի այն տեսարանէն ետք, երբ ան կ՛ըսէ, թէ ինք այլեւս չի կրնար զատորոշել իր դերակատար եւ հանդիսատես երկու ինքնութիւնները:
Կը յաջորդեն աւազանի եւ տարեդարձի տեսարանները, որոնք կու տան հոգեվիճակը: Փիթըր կը լողայ աւազանի մը մէջ, որուն մակերեսը փայլուն է, բայց լոյսի ցոլքերը անձեւ են, անորոշ եւ յարափոփոխ: Տարեդարձը պաղ է, անտրամադիր եւ անարիւն: Փիթըր այնքան եռանդ չունի, որ կարենայ մարել այդ քանի մը մոմերը: Այս տեսարանը աւելի ուշ սուր կերպով կը հակադրուի «Պետրոս»-ի տարեդարձին հետ: Երկրորդը այնքան աղմկոտ էր եւ կենսունակ, որ մասնակից տարեց հայ տատիկը կարծած է, թէ զինք իսկական հարսանիքի հրաւիրած են:
Իրարու հակադրուող տեսարաններու կողքին կան իրարու «արձագանգ» հանդիսացող տեսարաններ: Այս մօտեցումը յատկանշական է փոսթմոտեռն շարժապատկերին: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` շարժապատկերներուն, որովհետեւ այդ շաժապատկերը ցարդ չունի որեւէ միանշանակ տիպար(15):
Զոյգ տեսարաններու առաջինին մէջ հայ մայրը կը գրկէ իր «Պետրոս»-ը խոհանոցի սեղանին վրայ: Իր զաւակը կորսնցնելէ ետք մայրը ապրած էր ինքնամփոփ: Մերժած է նոր կեանքը: Պետրոսը գրկելու աքթը յետադարձ քայլ մըն է: Մայրը կ՛ուզէ վերադառնալ դէպի անցեալ: Փիթըր, այդ խոշորակազմ երիտասարդը, կը կծկուի ստանալու համար «սաղմային» կերպարանք: Փիթըր շատ լաւ կը գիտակցի, թէ տեսարանը արտառոց է: Ան ուղղակի քամերային, այսինքն մեզի կը նայի, ինչպէս երբեմնի դերասանները հանդիսատեսին կ՛ուղղուէին, երբ կ՛արտասանեն «մեկուսի» նշուած տողերը: Տեսարանի արտառոցութիւնը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ քամերան չափազանց կը մօտենայ ( extreme close up)` պատճառելով ոսպնեակային այլանդակում: Իրարու ձուլուած զոյգը գրաւած է պատկերին ձախ առաջամասը, մինչ վերի աջ անկիւնին մէջ կ՛երեւի նսեմաց(ու)ած հայրը:
Պատկերը ձեւով մը կը կրկնուի (կարելի է ըսել` «կ՛արձագանգուի») սուտ գողութեան տեսարանին մէջ, ուր մայր եւ աղջիկ առաջամասին վրայ (խանութի սեղանին քով ) միացած են իրարու, մինչ հայրը կ՛երեւայ փոքրացած` նոյնպէս պատկերին վերի աջ հեռու անկիւնին մէջ:
Զոյգ տեսարանները կը հակադրուին աւելի կանուխ ա՛յն միջադէպին, ուր Ճորճ իր հայրիշխանական առաջնահերթութիւնը կը պարտադրէ` խանգարելով մօր եւ զաւակներուն գիրկընդախառն երգը: Այդ տեսարանին մէջ Ճո՛րճն է, որ գրաւած է ձախ առաջամասը: Քամերան զինք կը նկարէ վարէն վեր, այսինքն անոր կու տայ իշխող դիրք:
Կարելի է յիշել, որ այդ երգի («Երկու տղայ ու աղջիկ») մեղեդին ձեւով մը լայթմոթիֆ դարձած է ժապաւէնին մէջ: Այսինքն մայրն ու զաւակները կը հնչեցնէին Տէրեաններուն նոր «օրհներգը»` առանց նահապետին «օրհնութեան»:
Առնուազն երկու այլ տեսարաններ կարելի է տեսնել` իբրեւ երեւութապէս վերադարձ դէպի անցեալ: Առաջինին մէջ Փիթըր եւ Ազահ ծովեզերեայ խաղավայրի մը մէջ քով քովի կը ճօճուին երկու մանուկներու նման: Տեսադաշտը պահ նը կ՛ընդարձակուի մինչեւ հորիզոն, բայց վայրը «անորոշ» է(16), աղօտ, եւ գրեթէ ամայի: Փիթըր կ՛աշխատի իր «քոյրը» համոզել, թէ բարի նպատակներով կատարուած դերասանութիւնը խաբէութիւն չէ: Անոնց անորոշ տատանումները աւելի եւ խոցելի կ՛երեւին, երբ քամերան կը սկսի զիրենք դիտել վերէն (բարձր անկիւնէ):
Մանկական երկրորդ տեսարանը կը գործածուի այն հազուադէպ պարագաներէն մէկուն մէջ, ուր Էկոյեան կը դիմէ հակադրուող մոնթաժի: Համեմատաբար կարճ տեսարանի մը մէջ կը տեսնենք Փիթըր եւ Ազահի սիլուեթները` թառած կղմինտրէ կտուրին վրայ, ինչպէս` տիպիկ ամերիկացի մանուկներ: Այդ անմեղունակ տեսարանէն յանկարծ կը փոխադրուինք կարմիր լոյսերու աշխարհ մը, ուր գնչուանման (իմա` ցոփ) պարուհի մը կը «զուարճացնէ» յաճախորդները: Փիթըր այդտեղ է իր «հօր» հետ: Անոնք նոյնիսկ միասի՛ն կը մտնեն այդ երկրորդ կարգի քապարէի աղտոտ զուգարանը: Փիթըր այստեղ կը փորձէ «արական կապ»(15) հաստատել Ճորճի հետ :
Այդ «տղամարդավարի» վայրին մէջ Ճորճ նահապետ կիները կը բաժնէ երկու խումբերու` տանտիկիններ եւ բոզեր: Ի դէպ, Ճորճ իր անհնազանդ աղջիկը կը դասէր բոզերու խումբին: Իր կողմէ Փիթըր Ճորճին կը բացատրէ, թէ հօր հանդէպ յարգանք ու սէր ունենալ չի նշանակեր ընդունիլ եւ բաժնել անոր արժէքները:
Խօսքը երեւութապէս կը վերաբերի Ազահի (ի՛մա` երկրորդ սերունդին), բայց խորքին մէջ ուղղուած է մեզի եւ կ՛արտայայտէ Փիթըրի, իմա` Էկոյեանի կեցուածքը: Այսինքն պէտք չէ ենթադրել, թէ ընդունելով իր ազգային ծագումը` Էկոյեան կ՛ընդունի եւ կամ կը բաժնէ «հայկական արժէքները»:
Էկոյեանին պէս մտային եւ լեզուական բարձր կարողութիւններու տէր մէկուն համար այնքան ալ դժուար պիտի չըլլար հայերէն կարդալ սորվիլ: Բայց Էկոյեան երբեք չէ փորձած իրապէս մօտէն ճանչնալ հայ մշակոյթը:
Կարմիր լոյսերու կապակցութեամբ պէտք է նկատել տալ, որ «արգիլուած պտուղը» Էկոյեանի ժապաւէններու մնայուն թեմաներէն մէկն է: «Նեքսթ աֆ քին»-ի մէջ Էկոյեան ազդարարութիւնը կու տայ վերելակին մէջ, ուր երկու բժիշկներ կը ծխեն «Նօ սմոքինկ» պիտակին տակ: Ապա Փիթըր կը դիտէ այլ ընտանիքի մը պատկանող «մտերմիկ» տեսերիզը:
Երեւակայական «կէս» ազգապղծութիւնները առկայ են շատ մը ժապաւէններու մէջ: Յիշենք «Արարատ»-ի այն տեսարանը, ուր Րաֆֆի «կէս ազգապղծութիւն» կ՛ընէ իր կէս քրոջ հետ: «Ֆեմիլի վիուինկ»-ի մէջ Վան կը պառկի իր խորթ մօր հետ: «Տը սուիթ հիրեֆթըր»-ի մէջ Նիքոլ կը պառկի իր հարազատ հօր հետ: Շարքը երկար է:
«Նեքսթ աֆ քին»-ի մէջ Փիթըր երեւակայական, սուտ ազգապղծութիւն կը գործէ Ազահի հետ, մինչ հայկական սրբանկարի զոյգ հրեշտակներ պատն ի վար կը դիտեն: Փոսթմոտեռն հեգնա՞նք, հաւանաբա՛ր: Բոլոր ազգապղծութիւնները կու գան մրճահարելու «ընտանիք» կառոյցին առ հասարակ dysfunctional ըլլալու հանգամանքը: Փոսթմոտեռնը անխառն հաճոյք կը ստանայ աւանդական սրբութիւնները պսակազրկելէ:
Ճորճ եւ Սոնիա զոյգը կը գտնեն անկողինին մէջ, բայց ծայրայեղ ինքնախաբէութեամբ Պետրոսի մանկութեան խաղալիքը կը դնեն Փիթըրի կուրծքին` զոյգը օրհնելով որպէս հրեշտակաբարոյ քոյրիկ եւ աղբարիկ: Փիթըր անշուշտ որ չէր ճանչցած Պետրոսին նախասիրած արջուկը, իմա՛ Պետրոսի հոգիին հարազատ արժեքը:
Ճորճին սաստը այն փոքրիկ տղուն, որ կ՛ուզէր վզնոց մը գողնալ (ուրախացնելու համար մայրը, այսինքն ընտանիքը), «աղջիկս քեզի կ՛ըսեմ, հարս դո՛ւն հասկցիր»-ի ձեւով ուղղուած էր դէպի մեծ խաչագող Փիթըրը (որ կ՛ուզէր գողնալ Պետրոսին ինքնութիւնը` երջանկացնելու համար Տէրեանները): Ճորճ տղեկին բարոյախօսական դասեր չի տար: Պարզապէս ցոյց կու տայ արարքին հետեւանքները, եթէ ոստիկանութիւնը իմանայ: Ճորճ մտահոգ է: Փիթըրին խորհուրդ կու տայ զգուշ վարուիլ, որովհետեւ եթէ ան յանկարծ «բռնուէր» , ապա ծնողները զինք պիտի վերադարձնէին տուն: Իսկ Տէրեաններուն նորակազմ ընտանիքը պիտի վերակործանէր:
Էկոյեան անշուշտ կը սիրէ պատկերը: Բայց կը սիրէ նաեւ պատկերի շրջանակ-քատրը: Պատկեր մը քատրի մէջ առնելու գործողութիւնը կարելի է մեկնաբանել բազմաթիւ ձեւերով: Այսպէս Ազահ Փիթըրի գրպանի փոքր ալպոմին մէջ կը դիտէ Ֆոսթըրներու նկարները, մինչ իր կողքին Փիթըր խոհանոցի դրան ապակի քատրերուն ընդմէջէն կը դիտէ Սոնիան: Ապա մենք կը տեսնենք Փիթըրին դէմքը նոյն քատրի միւս կողմէն: Փիթըր, Ազահ եւ մենք կը փորձենք «տեղաւորել» , դասաւորել իրականութիւնը: Միայն Սոնիան է, որ երանելի անգիտութեամբ եւ ակնյայտ հաճոյքով ճաշ կը պատրաստէ իր վերամիաւորուած ընտանիքին համար:
Սոնիային անմեղութիւնը կը շեշտուի շուկայի տեսարանին ընթացքին, երբ անոր դէմքը կը տեսնենք աղաւնիներու եւ նապաստակներու վանդակի ճաղերուն ընդմէջէն: Բայց չէ՞ որ այդ անմեղ, աւելի ճիշդ է ըսել` անմեղութեան pastiche-խորհրդանիշ անասունները այդտեղ կը սպասէին մորթուելու …Ի դէպ, փոսթմոտեռն շարժապատկերի յատկանիշներէն մէկն է փասթիշը: Սոնիային համար հարցը առաջին իսկ վարկեանէն վճռուած էր:
Պետրոսին տարեդարձը կարելի է հասկնալ որպէս մկրտութիւն, «անցման կարգ»: Ցեղախումբեր ունին իրենց ծէսերը նորեկ մը, մանաւանդ այր նորեկ մը ընդունելու համար որպէս իրենց մեծ ընտանիքին անդամ: Այս ծէսերը յաճախ կ՛ընդգրկեն ծաղր ու ծանակ (18), ինչպէս այստեղ` կարկանդակի միջադէպին մէջ: Նկատել, որ ամբողջ «ցեղախումբը» այդտեղ էր: Բայց ամէնէն յատկանշականը Փիթըրի բաժակաճառն է.
«Կարելի չէ սիրել բնախօսական ընտանիքը,- կ՛ըսէ Փիթըր,- «որովհետեւ անիկա պարտադրուած է: Մարդ պէտք է, որ ընտրէ՛ զանոնք, զորս կը սիրէ: Եկեք` ընտրե՛նք միասին լաւ ժամանակ մը անցընել» կ՛եզրակացնէ: Այս խօսքերը կրնա՞ն պատկանիլ մէկու մը, որ նոր վերագտած է իր բնախօսական ընտանիքը: Կրկնութեան գնով նկատեմ, թէ Էկոյեան – Փիթըր կը յայտարարէ, թէ ինք ընտրա՛ծ է պատկանիլ հայերու խայտաբղէտ խումբին:
Տրամաբանականօրէն եզրափակիչ տեսարանին մէջ Ազահ ալպոմին կ՛անցընէ Փիթըրին լուսանկարները: Այսինքն Փիթըր պաշտօնապէս կը մտնէ Տէրեաններուն պատմական «մատեան»-էն ներս: Իսկ ինք` Փիթըր, կը սկսի փորձել իրապէս նուագել նոյն այն եղանակը (Ասթուրիաս), զոր նուագել կը ձեւացնէր առաջին տեսարանին մէջ: Փիթըր այլեւս տէ՛րն է իր ճակատագրին: « հիմա ե՛ս եմ ղեկի ետին», կ՛ըսէ բացայայտօրէն: Սուտը յաջողած է երջանկութիւն բերել տագնապահար ընտանիքին:
Փիթըր, սակայն, կիթառ կը նուագէ այ՛ն հմտութեամբ, որով Էկոյեան կը խօսի հայերէն: Աւարտական զուգահե՞ռ, հեգնա՞նք, շա՛տ հաւանաբար:
Եզրակացութիւն
Ժապաւէնի աւարտին Փիթըր եւ Տէրեաններ կը կրկնեն առաջին, չափազանց ճոխ ընթրիքի տեսարանը: Բայց ի հակադրութիւն առաջին սեղանին` երկրորդը բոլորովին դատարկ է: Փիթըր իր ձեռքերուն մէջ նոյնիսկ չունի իսկ դանակ եւ պատառաքաղ: Բոլորը շատ լրջօրէն կը ձեւացնեն ուտել չգոյ ընթրիքը:
Էկոյեան կ՛ուզէ ապահով ըլլալ, որ ամէնէն դանդաղ հանդիսատեսն իսկ հասկցած է, թէ բոլորը կը ձեւացնեն: Բոլորը քաջ գիտեն, թէ Փիթըրի նոր ինքնութիւնը (19) մտացածին խաղ մըն է:
Էջատակներ.-
(1) Next of Kin, 1984, 72 վարկեան: Սենարիօ , բեմագրութիւն, Երաժշտութիւն եւ կիթառահար`
Ատոմ Եկոյեան: Օփըրէյթըր .- Փոլ Սարոսի: Ճորճ, Սոնիա եւ Ազահ Տէրեաններ` Պերճ Ֆազլեան, Սիրվարդ Ֆազլեան եւ Արսինէ Խանճեան: Փաթրիք Թէրնի.- Փիթըր Ֆոսթըր /Պետրոս: Փաթրիք Թէրնի եւ ժապաւէնի բոլոր այլ դերակատարները , որոնց շարքին նոյնինքն Ա.Եկոյեան ոչ արհեստավարժներ են: Ժապաւէնի պիւտճէն միայն 37 հազար տոլար էր:
(2) WASP.- White anglican s…protestant: Այսինքն` «սպիտակ աւատատէր»
(3) Այս բառախաղին կարելի է տալ անբարենպաստ մեկնաբանութիւն:
(4) Ժոզեֆ եւ Շուշան Եղոյեաններ հաստատուած են գերազանցապէս ճերմակ Քոլոմպիա, ուր Եղոյեանները միակ հայերն էին: Հայրը կը զբաղէր կահագործութեամբ նկարչութիւն ուսանած էր Արթ ինսթիթուտ աֆ Շիքակօի մէջ: Մանկութեան տարիներուն իր WASP դասընկերներուն կողմէ ծաղրուած է որպէս «պզտիկ արաբ»: Էկոյեան կը մերժէր խօսիլ հայերէն` «Ես մոլեգնօրէն կ՛ուզէի ձուլուիլ, նմանիլ միւս տղոց»:
(5) Միջազգային յարաբերութիւններ Թորոնթոյի Թրինիթի քոլէճին մէջ
(6) Էմփրես հոթել պանդոկի օթոպիւսին մէջ
(7) Էկոյեան կ՛ըսէ, թէ իր մեծ մայրը (որ ծերանոցի մը մէջ անցուցած է իր վերջին տարիները) օգնած է ծանօթանալու հայկական մշակոյթին հետ:
(8) Ա. Խանճեան մինչ այդ ունէր հարուստ ամուսին մը, որ ամէն գնով կը փորձէր յառաջ մղել Արսինէի դերասանական ասպարէզը: Ան էր, որ զինք ներկայացուցած էր Էկոյեանին
(9) …Աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ ըսել` կը զուգորդուէր կամ բառակցուէր:
(10) Յիշեցում. Հեղուկներ այն մարմիններն են, որոնք կը ստանան զիրենք պարունակող անօթին ձեւը:
(11) մօտաւորապէս կը թարգմանուի «աղօթահանել»
(12) Յիշենք Րաֆֆիի տեսերիզը «Արարատ»-ի մէջ:
(13) Արդի հոգեբանութիւնը կ՛ըսէ, թէ իւրաքանչիւր վերյիշում կը «վերախմբագրէ» յիշողութիւնը:
(14) Ճիշդ բառն է «կափոյր» = «valve» ( Յ. Քիւրքճեան «Dictionnaire Pratique»)
(15) Postmodern cinematographic paradigm
(16) Անորոշ վայրերը (non-places) նոյնպէս բնորոշ են փոսթմոտեռն սինեմային:
(17) Male Bonding
(18) Այդ ծէսերու ծայրայեղ պատկերումներէն մէկը կարելի է տեսնել A Man Called Horse
(1970) Ժապաւէնին մէջ, ուր բացայայտ սպիտակ մը (Ռիչըրտ Հարրիս) կ՛ընդունուի որպէս կարմրամորթ ցեղախումբի անդամ:
(19) Թերեւս պէտք է կարդալ`«Էկոյեանի նոր ինքնութիւնը»:

