Ռուսիա Կը Դատապարտէ Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող «Անօրէնութիւնն» Ու Արեւմուտքին Լռութիւնը
Ռուսիա դատապարտեց Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տիրող «անօրէնութիւնը» եւ ծայրայեղ աջակողմեան զինեալներ ամբաստանեց Քիեւի նոր իշխանութեանց հետ «սադրելու» յանցանքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ 8 մարտին արեւելեան Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ «լաւապէս զինուած» զինեալներ կրակ բացին «խաղաղ ցուցարարներու» վրայ:
«Ուքրանական իշխանութիւնները` խախտելով գոյութիւն ունեցող բոլոր երկկողմանի համաձայնութիւնները, Ռուսիոյ քաղաքացիներուն չեն արտօներ Ուքրանիոյ տարածք մուտք գործել», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մոսկուա նաեւ զարմանք յայտնեց «մեր արեւմուտքցի գործընկերներուն, մարդկային իրաւանց խմբակներուն եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու ամօթալի լռութեան համար, ինչ որ առարկայականութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին անոնց պնդումները կասկածի տակ կ՛առնէ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը տեղեակ պահեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յետաձգած է Մոսկուա կատարելիք իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը պիտի քննարկէր:
Փութինի հետ հանդիպումի մը ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ «ռուսական կողմը Քերրիին առաջարկեց այսօր Մոսկուա այցելել` քննարկելու համար Ուքրանիոյ կացութիւնը, ամերիկացի նախարարը սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնեց», սակայն Քերրի Լաւրովին հեռաձայնած է եւ տեղեակ պահած այցելութեան «որոշ ժամանակով» յետաձգման մասին` առանց այլ թուական մը ճշդելու:
Աքսիոնով. «Խրիմը Ռուսիոյ Իրաւական Դաշտ
Մուտք Պիտի Գործէ Հաշուուած Ամիսներու Ընթացքին»
Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Խրիմը կը նախատեսէ ոչ ուշ, քան քանի մը ամիսներու ընթացքին լիովին մտնել Ռուսիոյ իրաւական դաշտ, եթէ 16 մարտին տեղի ունենալիք հանրաքուէին ընթացքին նման ընտրութիւն կատարէ ինքնավար հանրապետութեան բնակչութիւնը:
«Եթէ հանրաքուէն «այո՛» ըսէ, Խրիմը մուտք պիտի գործէ Ռուսիոյ կազմ, մենք պիտի սկսինք ամէնօրեայ աշխատանքի: Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, կարելի եղածին չափ արագ Ռուսիոյ իրաւական դաշտ մտնելու համար», ըսած է ան` աւելցնելով, որ խօսքը ամիսներու մասին կրնայ ըլլալ:
Ըստ անոր, Ռուսիոյ կազմին մէջ ներառուելէ ետք Խրիմի բնակիչները իրենք պիտի ընտրեն, թէ ի՛նչ անձնագիրի պէտք ունին` ռուսակա՞ն, թէ՞ ուքրանական: «Մենք որեւէ պարագայի չենք պնդեր Ուքրանիոյ անձնագիրը յանձնելու անհրաժեշտութեան հարցին վրայ: Ով ինչպէս կ՛ուզէ, այդպէս ալ պիտի ըլլայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «կրնայ նաեւ երկքաղաքացիութիւն կիրարկուիլ, տակաւին չեմ գիտեր, մարդիկ իրենք պիտի որոշեն»:
Աքսիոնով նաեւ նշած էր, որ Խրիմի իշխանութիւնները թաթարական համայնքին կառավարութեան կազմին մէջ տեղ առաջարկած են: Անոնց կ՛առաջարկուի մէկ փոխվարչապետի, երկու նախարարի, գրեթէ բոլոր նախարարութիւններուն մէջ, ներառեալ` ուժային կառոյցներուն մէջ փոխնախարարներու թեկնածուներ առաջադրել:
«Մեր մօտ առօրեայի մէջ փաստացիօրէն երկու լեզու կ՛օգտագործուի` ռուսերէնն ու խրիմաթաթարերէնը: Բնական է` բոլորը կարելիութիւն պիտի ունենան զարգացնելու իրենց մայրենի լեզուն, մենք չենք պատրաստուիր որեւէ բանի մէջ սահմանափակելու Խրիմի թաթարները: Հանրապետութեան մէջ պիտի ըլլայ երկլեզուութիւն, ատիկա յստակ է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ ուքրանացիները եւս պիտի կարենան զարգացնել իրենց լեզուն:
Տաւութօղլու – Լաւրով Հանդիպումին Մասին
Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը 6 մարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տեղեկութիւն փոխանցած է` նշելով, որ Տաւութօղլու շեշտած է, որ Թուրքիա Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ: Ան նշած է, որ ամբողջ Ուքրանիոյ ժողովուրդը Խրիմի հարցին մէջ խօսքի իրաւունք ունի, եւ հարցուցած է Լաւրովին, թէ ինչո՞ւ Ռուսիան Ուքրանիոյ հետ չի վարուիր այնպէս, ինչպէս կը վերաբերի Սուրիոյ:
Լաւրով պատասխանած է, որ Խրիմի ապագան պիտի որոշէ Խրիմի ժողովուրդը, իսկ Ռուսիոյ միջամտութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:
Էրտողան. «Ուքրանիոյ Հողային
Ամբողջականութիւնը Պէտք Է Պաշտպանուի»
Rosblat.ru կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ ինք կ՛աջակցի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու քաղաքական միասնականութեան, որոնք «պէտք է պաշտպանուին»:
Ան Մերքելի հետ քննարկած է նաեւ Թուրքիոյ մասնակցութեան հարցը համակարգող խմբակին մէջ, որ պէտք է ստեղծուի ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներ փնտռելու համար:
Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ Թուրքիա պատրաստակամ է աջակցելու Խրիմի թաթարներուն, որոնք արդէն սկսած են ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ կազմել:
Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը Խրիմի մէջ ուքրանական զինուորական դիրքի մը դէմ կրակ բացած են:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ «Խրիմի ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» շուրջ 20 անդամներ Սիմֆերոփոլի մէջ գրաւած են զինուորական հիւանդանոցի շէնքը:

