14 Մարտին` Տաւութօղլու-Զարիֆ- Մամետեարով Հանդիպում

foreign-ministers-10032014Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 14 մարտին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմեթ Տաւութօղլուի, Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն շրջանին մէջ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ նախապէս տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումներու որոշումներու գործադրութեան ընթացքը:

Նախարարներու նախորդ հանդիպումները տեղի ունեցած են Ուրմիոյ եւ Նախիջեւանի մէջ: 19 փետրուարին տեղի ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Share this Article
CATEGORIES