Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ֆատի Սուան երէկ հարցաքննեց «Ապտալլա Ազզամ փաղանգներ»-ու պատասխանատու Նայիմ Ապպասը եւ Ապտէ-Արսալ ճամբուն վրայ «Քիա» տիպի ականուած ինքնաշարժը վարող կինը` Ժումանա Հըմայետը, որոնց դէմ բերման գիրեր արձակեց:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թրիփոլիի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են անչափահասներ բռնաբարող յանցագործ մը, որ խոստովանած է, թէ ինք վեց անչափահասներ բռնաբարած է եւ զանոնք խաբած անոնցմէ երկուքին հինգ հազար լ. ոսկիի գումար առաջարկելով:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտին փոխանցեց «Ախպար» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Իպրահիմ Ամինի ստորագրութիւնը կրող երկու յօդուածները, որոնք լոյս տեսած են 3 եւ 4 մարտ 2014-ին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրերայաջորդ սահմանափակումներուն չափ ու սահման դնելու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ կարելի չէ Դիմադրութիւնը ապազինել, նախքան բանակին զինումն ու լիբանանեան սահմաններուն պաշտպանութիւնը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ բանակը միասնական է եւ պատրաստ է յարձակումներուն դէմ դնելու` պահպանելու համար երկրին ապահովութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապատի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն, ինչպէս` Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի նշեց, թէ նախատեսելի է, որ այսօր կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացուի:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձի յաւելման որոշումին վաւերացման:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա անհրաժեշտ նկատեց, որ պետական հաստատութիւնները վերսկսին իրենց գործունէութեան, որպէսզի Լիբանան կարենայ իր դերակատարութիւնը ունենալ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ քաղաքական ուժերը ինքնագլուխ կը գործեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ համաձայն գտնուած են կառավարութեան աշխատանքային նոր ծրագիրի մը շուրջ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը երկու ամսուան համար է` աւելցնելով, որ ազգային սկզբունքները անկարելի է փոփոխութեան ենթարկել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները կառչած կը մնան Դիմադրութեան մասին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի յայտարարած տարբերակին, իսկ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն զայն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Դիմադրութեան մասին որդեգրուած բանաձեւի տարբերակը պարտաւորեցուցիչ չի կրնար ըլլալ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին պարագային:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի աղբիւրներ յայտնեցին, որ անարդար է Իսլամ եղբայրները Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի համազօր նկատել:
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Դիմադրութիւնը բոլորին կը պատկանի եւ ոչ միայն Հըզպալլային:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը այսօր պիտի աւարտէ Դիմադրութեան շուրջ ստեղծուած տագնապը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ խստիւ քննադատեց Ժապհաթ Նուսրայի այն յայտարարութիւնը, որուն հիման վրայ լիբանանեան բանակի անդամ սիւննի համայնքի զինուորներուն կոչ կ՛ուղղուի անջատուելու բանակէն: Ան շեշտեց, որ նման կոչեր կտրականապէս մերժելի են եւ անոնք անպատասխան պիտի մնան:

