Վարչապետ Սալամ Լաւատես Է Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Վաւերացնելու Առումով

Մաշնուք եւ վարչապետ Սալամ

Մաշնուք եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր` երեքշաբթի, 11 մարտ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ նախարարական յանձնախումբի Ժ. նիստին, որուն ընթացքին պիտի շարունակուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը:

Վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Վարչապետին այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Քազեմ Խէյր, որ յայտնեց, թէ վարչապետ Սալամ լաւատես է այսօրուան նիստին ընթացքին կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացնելու առումով:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շջաններու միւֆթիները, ինչպէս` Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս, Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան, Ռաշայայի միւֆթի շէյխ Հասան Տալլի եւ Պաալպեքի միւֆթի շէյխ Խալետ Սոլհ:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրի, Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Ռոժէ Նըսնաս, ինչպէս նաեւ Սաատէտտին Համիտի Սաքըր եւ Համտի Շաուք:

 

Share this Article
CATEGORIES