Պասիլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ատլի Մանսուրի Հետ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի հետ:
Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալետ Զիատէ:
Պասիլ Մանսուրի յանձնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ յղուած նամակ մը, որուն ընդմէջէն հանրապետութեան նախագահը Լիբանանի ողջոյնը փոխանցեց Եգիպտոսին` հաստատելով, որ Գահիրէ կրցած է շրջանցել իրեն սպառնացող դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ վաւերացուցած երկրին սահմանադրութիւնն ու նախագահական ընտրութեան օրէնքը` երկրին համար գծելով քաղաքական յաջող ուղի մը:
Հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ արաբական աշխարհին մէջ Եգիպտոսի դերակատարութեան վերստանձնումը` հզօրացնելու համար ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի պետութեան հիմերը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով ամէն ջանք ի գործ դնելու առումով:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ Լիբանան-Եգիպտոս երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:

