«Կը Մաղթենք, Որ Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը Այսօր Վաւերացուի» Յայտնեց Ա. Նազարեան

Աւստրիոյ դեսպանը եւ Նազարեան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի քարիւղի թղթածրարը:
Ա. Նազարեանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըր: Քննարկուեցան լիբանանեան քարիւղին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Նախարարութեան այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի եւ Փիլիփեան կղզիներու դեսպաններ Անիթա Նայար եւ Լիա Ռուիզ:
Քննարկուեցան ուժանիւթի մարզը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ քարիւղի պեղման հեռանկարները:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ա. Նազարեան մաղթեց, որ նախարարական յանձնախումբին կողմէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը այսօր վաւերացուի` Դիմադրութիւն եզրին մասին համաձայնութեան մը յանգելէ ետք:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Նազարեան անհրաժեշտ նկատեց այդ ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
Լիբանանեան քարիւղի պեղման աշխատանքներուն մասին Ա. Նազարեան շեշտեց, որ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան ստանալիք վստահութեան քուէէն ետք կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել օրէնքներու վերաբերող հիմնական երկու շրջաբերականները եւ սկսիլ պեղումի աշխատանքներուն:

