Պըրրի Յանձնարարեց Քաղաքապետարաններուն Գումարներ Յատկացնել

Պըրրի` Քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին

Պըրրի` Քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց լիբանանեան գրեթէ բոլոր նահանգներու քաղաքապետական համադաշնակցութիւններուն նախագահները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն մեծ թիւին լոյսին տակ:

Հանդիպումին իբրեւ արդիւնք խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ եւ յանձնարարեց քաղաքապետարաններուն գումարներ յատկացնել:

Պըրրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ: Քննարկուեցան ներքին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ` դրուատելով անոր վարուելակերպը` կազի ընկերութիւնները վերաբանալու եւ առեւանգուած իննամեայ պատանի Միշել Սաքըրը ազատ արձակելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES