Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Բանակի Հրամանատարը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները եւ զանոնք ապահովելու համար ընթացող սէուտական եւ ֆրանսական կողմերուն հաղորդակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ: Քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր եւ քաղաքացիական ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ռեմոն Խաթթար:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Ուսուցչաց տօնը` բարձր գնահատելով ուսուցիչներուն աշխատանքն ու ճիգերը` նոր սերունդներուն դաստիարակութեան ի խնդիր:

