Մաալուլայի Ազատ Արձակուած Մայրապետներուն Նուիրուած Ս. Պատարագ` Դամասկոսի Մէջ
Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքի մայրապետներուն ազատ արձակումին առիթով եւ մայրապետներուն մասնակցութեամբ երէկ Դամասկոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսը յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ համար ասիկա նոր Զատիկ է, այլ ձեւի Զատիկ մը, որ Մեծ պահքի առաջին շաբաթէն սկսեալ միացած է իրենց:
«Անիկա ուրախութեան Զատիկ է եւ յարութեան Զատիկ` բոլորին եւ յատկապէս Սուրիոյ համար, նկատի ունենալով, որ Մար Թաքլայի մեր քոյրերը հասած են ազատութեան եւ ապահովութեան ափը», ըսաւ Մաալուլի եպիսկոպոսը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ եւ անոր ղեկավարութեան, որ գծեց մայրապետները ազատ արձակելու ճամբան:
Մաալուլի եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Սուրիա այսօր կը ներկայացնէ ահաբեկչութիւնն ու բռնութիւնը զգետնող երկրի մը պատկերը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանի եւ անոր ապահովական կառոյցներու դերակատարութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ երաշխաւորել մայրապետներուն ազատ արձակումը:
Իր խօսքը ուղղելով Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի առեւանգուած եպիսկոպոսներուն` Մաալուլի եպիսկոպոսը նշեց, որ Հալէպի անոնց թեմերը անհամբեր են դարձեալ հանդիպելու անոնց հետ:
Մայրապետներուն Ազատ Արձակումը
Ողջունող Կեցուածքներ
Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մար Թաքլայի մայրապետներուն ազատ արձակման աւագ բանագնաց` Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ փոխանցեց Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակման գործողութեան մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման գնահատեց մայրապետները ազատ արձակելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը եւ կոչ ուղղեց նաեւ երկու առաջնորդներուն ազատ արձակումին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Եազիժի պատրիարքին եւ Ապպաս Իպրահիմի հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք մայրապետներուն ազատ արձակումին առիթով, ինչպէս նաեւ շեշտեց Հալէպի առեւանգուած առաջնորդները ազատ արձակելու ճիգերը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի իր կարգին շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եազիժի պատրիարքին հետ եւ շեշտեց, որ ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ Հալէպի առեւանգուած եպիսկոպոսներուն վերադարձով:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք դրուատեց Ապպաս Իպրահիմի իմաստութիւնը եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան պահպանումին կարեւորութեան առնչութեամբ անոր գիտակցութիւնը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եազիժի պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորեց զայն` Մար Թաքլա վանքի մայրապետներուն ազատ արձակումին առիթով: Ան մաղթեց, որ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն թղթածրարը նաեւ ունենայ նոյն ուրախ աւարտը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց յոյն ուղղափառ եկեղեցին եւ Եազիժի պատրիարքը Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ապպաս Իպրահիմի եւ քաթարցի միջնորդներուն, որոնք նպաստեցին անոնց ազատ արձակումին:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շնորհաւորեց Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումը` դրուատելով այդ իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան
դրուատեց մայրապետները ազատ արձակելու ջանքերը եւ ընդգծեց առեւանգուած առաջնորդները եւս ազատ արձակելու ճիգերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց Մաալուլայի մայրապետներուն ազատ արձակումը` մաղթելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուի:
Հըզպալլա իր կարգին ողջունեց մայրապետներուն ազատ արձակումը` շեշտելով, որ այդ իմաստով գործադրուած բոլոր ճիգերը յարգելի են:
Մայրապետներուն ազատ արձակումը ողջունեցին նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսըն:

