Աւստրալիոյ Հայ Դատի Մարմինը Զուիցերիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Բողոքարկելու Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Որոշումը
Աւստրալիոյ Հայ դատի մարմինէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ մարմինը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարսել Շթութցի հետ եւ աւստրալահայ համայնքի մտահոգութիւնները փոխանցած «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի կայացուցած վճիռին վերաբերեալ:
Հայութեան լուրջ մտահոգութիւնները փոխանցելէ բացի մարմինի անդամները դեսպանին ներկայացուցած են Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռին մէջ եղած փաստացի անճշդութիւններու ցանկը եւ Զուիցերիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած են բողոքարկելու վճիռը:
Աւստրալիոյ Հայ դատի մարմինի գործադիր տնօրէն Վաչէ Ղահրամանեան հանդիպումի աւարտին նշած է. «Մենք կ՛ողջունենք Աւստրալիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին հետ հանդիպելու եւ կարեւոր խնդիրներ քննարկելու այս կարելիութիւնը: Զուիցերիան եղած է թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած, թէ՛ ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող միջազգային յառաջատարներէն մէկը, այդ իսկ պատճառով մենք զուիցերիական իշխանութիւններուն վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղենք բողոքարկելու Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը»:
Նշենք, որ Զուիցերիոյ կողմէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռի բողոքարկման պայմանաժամը կ՛աւարտի 17 մարտին:

