Պերլինի Մէջ. Սումկայիթի Ջարդերու Տարելիցին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Վահան Յովհաննիսեան

Վահան Յովհաննիսեան

6 մարտին, Պերլինի հայ համայնքը` աջակցութեամբ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան, կազմակերպեց Սումկայիթի ջարդերու նուիրուած յուշ-երեկոյ:

Երեկոյին ներկայ եղան Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, դեսպաններ, գերմանական հասարակութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Ներկաներուն առջեւ հակիրճ ելոյթներ ունեցան դեսպան Վահան Յովհաննիսեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան:

Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր փրոֆեսէօր Լուխթերհանտ:

Share this Article
CATEGORIES