Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Սերպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մրքիչ եւ նախագահ Սարգսեան

Մրքիչ եւ նախագահ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվան Մրքիչը: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Մրքիչի այցելութիւնը` հայ-սերպական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու եւ համագործակցութեան օրակարգը առաջ մղելու տեսանկիւնէն:

Նախագահ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Մրքիչ կարեւոր նկատեցին բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց իբրեւ արդիւնք վերջին տարիներուն աշխուժացած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շարք մը մարզերու մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին այսուհետեւ ջանքեր գործադրելու առկայ դրական ուժականութիւնը պահելու եւ զարգացնելու համար` համակարծիք ըլլալով, որ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերու մէջ, միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու մեծ ներուժ կայ:

Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ Սերպիոյ կողմէ 2015 թուականին ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան շրջանին Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ փոխադարձ շահաւէտ եւ սերտ համագործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES