Լեւոն Հայրապետեան Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ չեխական Պրիպրամ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, յայտնեց հայկական լրատուամիջոցներէն ArmSport.am:
Ըստ ֆութպոլիստին, ինք երկուքէն երեք շաբաթ ետք պիտի վերսկսի փորձերուն, սակայն նախատեսուած է, որ ան ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցի շուրջ մէկ ամիս ետք:
Նշենք, որ թէեւ Հայրապետեան հրաւիրուած էր Ռուսիա – Հայաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցումին մասնակցելու, սակայն ան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով չկրցաւ դաշտ ներկայանալ:
CATEGORIES Մարզական

