«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան Եւ Պայէրն Միւնիխ – Արսենալ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երկու խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն:

Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը, երթին Իտալիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Արսենալ, որ հիւրը պիտի ըլլայ Պայէրն Միւնիխի, կը գտնուի նեղ կացութեան մը դիմաց` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր:

Նշենք, որ երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Արսենալէն կախակայուած է Վոժսիեք Սզեսնի, իսկ Ա. Սէ. Միլանէն` Ռիքարտօ Մոնթոլիվօ:

Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են երթի մրցումներուն արդիւնքները).

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան (1-0) 21:45
Պայէրն Միւնիխ – Արսենալ (2-0) 21:45
ՎԱՂԸ  
Պարսելոնա – Մանչեսթըր Սիթի (2-0) 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայէր Լեւերքուզըն (4-0) 21:45

 

Share this Article
CATEGORIES