Ֆութսալ. Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Սատաքա 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ Սթար Աքատեմիի Վրայ

ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Լիբանանի ֆութսալի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Սատաքա 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Սթար Աքատեմիի վրայ` Սատաքայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատումին ընթացքին:
Սատաքայի երկրորդ կոլը նշանակեց Նենսի Չայլեան:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր կազմէն մարզիկ մը կարմիր քարտ ստացաւ օրուան իրաւարարէն:
Անոնց միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 12 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, դարձեալ Սատաքայի դաշտին վրայ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Սատաքա կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ աւարտական մրցումները թիւով երեք են:
CATEGORIES Մարզական

