Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Շիրակ Կը Մօտենայ Արարատի

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումները:

Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միքայի հետ:

Անոր այդ հաւասարութենէն օգտուեցաւ Շիրակ (2-րդ), որ 2-1 արդիւնքով յաղթելով վերջին դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտին, յաջողեցաւ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել հինգի:

Բանանց 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ուլիսին, մինչ վերջին մրցումին Գանձասար եւ Փիւնիկ ճերմակ հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ:

Ստորեւ` դասաւորումը.

  ԿԷՏ ՆՇ. ՍՏ.
1.- Արարատ 31 22 10
2.- Շիրակ 26 27 20
3.- Բանանց 25 22 12
4.- Գանձասար 22 27 19
5.- Փիւնիկ 21 26 20
6.- Միքա 20 17 19
7.- Ուլիս 13 12 24
8.- Ալաշկերտ 12 19 48
Share this Article
CATEGORIES