Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պայքաթոն – Թրիփոլի Մրցումին Թուականը
Ներկայութեամբ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի, այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հրաւիրեալներու, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, միութիւններու եւ ակումբներու նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներու, երէկ Թրիփոլիի մէջ տրուեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ 30 մարտին Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պայքաթոնի մրցում մը` «Թրիփոլին խաղաղութեան քաղաք» անուան տակ:
Խօսք առնողներուն կարգին եղաւ նաեւ Ծատուրեան, որ ըսաւ. «Այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար նախորդ տարի, սակայն անապահով կացութեան պատճառով անիկա դժբախտաբար տեղի չունեցաւ: Այս առիթով կու գամ ըսելու, որ 30 մարտին մենք ներկայ պիտի ըլլանք հոս` Թրիփոլիի մէջ, որովհետեւ ինչպէս ներկայ ենք Լիբանանի ամբողջ տարածքին` հեծելարշաւի բոլոր մրցումներուն, նոյնպէս ալ հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքը` Թրիփոլին, կը նկատուի կարեւոր: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեն անոր մասնակցելու»:

