Ռուբէն Հայրապետեանի Եւ Պեռնար Շալանտի Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսը
Երէկ` երկուշաբթի, 10 մարտին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռուբէն Հայրապետեան, ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած զուիցերիացի մարզիչ Պեռնար Շալանտը:
Իր խօսքին մէջ Հայրապետեան ըսաւ. «Գործադիր կոմիտէն հաստատեց մարզիչին թեկնածութիւնը: Բազմաթիւ մարզիչներու հետ բանակցեցանք եւ եկանք այն եզրակացութեան, որ ան այն մարզիչն է, որ կրնայ յաջողութեամբ աշխատիլ հաւաքականին հետ: Անուններ չեմ ուզեր տալ, բայց կու գամ ըսելու, որ բանակցութիւններ ունեցանք 49 մարզիչի հետ»:
Իսկ նոր մարզիչը ըսաւ. «Կրնամ ըսել, որ ներկայիս մարզիկներուն ֆիզիքականը լաւ մակարդակի վրայ կը գտնուի: Հայաստանի հաւաքականը ի զօրու է միշտ յաղթելու, եթէ անշուշտ ցոյց տայ իր ունեցած կարելիութիւնները եւ յատկութիւնները: Ստած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ Հայաստանի պաշտպանողական գիծը լուրջ խնդիրներ ունի: Խումբին յարձակողականը շատ զօրաւոր է, բայց զօրացնելու համար պաշտպանողական գիծը, պէտք է մարզիկներ փնտռենք արտերկրէն:
«Յառաջիկայ մայիսին կնոջս հետ պիտի ժամանենք Հայաստան: Պիտի փորձեմ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստանի համար Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականներուն տոմս մը կարենամ ապահովել»:

