Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Ռիատի – Պըժժէ երէկուան մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Շանվիլը:
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ ինքն է հիւրընկալ խումբը, դարձեալ իրաւունքը իրեն վերապահուած է` իր համակիրներով ճակատելու մրցակիցին դէմ:
Նշենք, որ երթի մրցումին թէեւ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ ինք յաղթական դուրս եկած էր ճակատումէն (85-66), սակայն այժմ կացութիւնը բաւական փոխուած է եւ ՀՄԸՄ, որ բարելաւած է իր խաղարկութիւնը եւ սկսած կիրարկել շատ աւելի ներդաշնակ խաղաոճ մը, դարձած է Ա. դասակարգի բոլոր խումբերուն գլխաւոր մղձաւանջը հանդիսացող խումբերէն մէկը:
Երէկ Ռիատի Պէյրութ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պըժժէն, 83-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (22-16, 46-30, 65-47 եւ 83-59):
Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 14 կէտ:

