Նոր Գիւղի Մէջ Դարձեալ Հրթիռներ Ինկան

Nor-Kugh«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ 8 մարտ 2014-ի, առաւօտեան ժամերուն, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանի բնակիչները քանի մը հրթիռներու պայթումներու պատճառով ահ ու սարսափի մատնուած են:

Առաջին հրթիռը «Մարաբօ» շէնքին դիմաց ինկած է:

Երկրորդ եւ երրորդ հրթիռները` Նոր Գիւղի մայր փողոցը:

Չորրորդ հրթիռը` Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի դիմացի մայթը:

Չորս հրթիռները, որ մէկ ժամուան տեւողութեան ընթացքին ինկան, տեղական պատրաստութիւն են` կազի շիշով, որ անուանուած է «Մատֆահ ժահաննամ» (դժոխային հրետանի):

Յայտնենք, որ Նոր Գիւղի մայր փողոցին վրայ ինկած հրթիռի պայթումէն բանակային զինուորներ վիրաւորուեցան:

Իսկ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին դիմաց ինկած հրթիռի պայթումը ֆիզիքական վնասներ չարձանագրեց, այլ միայն քանդում եւ աւեր: Արձանագրուեցան կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժներու տարբեր աստիճանի վնասներ:

 

Share this Article
CATEGORIES