Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մարզանքին կարեւորութիւն կու տաք, բայց յաճախ կը բացակայիք ձեր մարզանքը կատարելու: Քանի որ հաճելի կը գտնէք, ինչո՞ւ չէք մասնակցիր մրցումներու: Կը յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը սիրէք կեանքը, զայն կ՛առնէք մանկական հոգեբանութեամբ եւ պարզամտութեամբ: Լաւ է միշտ յիշել մանկութեան օրերը, երբ հաճելի կը գտնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք գտնել հարկ եղած բառերը` արտայայտելու համար ձեր միտքը: Եղէք անկեղծ, նոյն ատեն քաղցր լեզուով խօսեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը անյարմար է եւ աննպաստ` դրամական գործառնութեանց համար: Այս կապակցութեամբ ի՛նչ ծրագիր, որ ունէիք, յետաձգեցէք վաղուան: Եղէք խոհեմ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արտայայտեցէք ձեր բաղձանքները` ձեր շուրջիններուն: Անոնք պիտի լսեն ձեզ եւ պիտի հետեւին ձեր խօսքերուն, որոնք օգտակար միտքեր են:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յուսախաբութիւն մը պիտի ունենաք ծրագրի մը վերաբերեալ, որ այսօր պիտի չյաջողի, այսուհանդերձ, շարունակեցէք իրագործել զայն քաջաբար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ բան կ՛ակնկալէք ձեր բարեկամներէն` ձեզի օգտակար ըլլալու համար: Անոնք չեն կրնար հրաշքներ գործել` ձեր փափաքները իրագործելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բազմաթիւ հարցումներ ունիք ուղղելու առ որ անկ է, բայց անոնց պատասխանները կ՛ուշանան: Ձեզի կը մնայ ըլլալ համբերատար եւ լաւատես:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր յուզումներէն մի՛ տարուիք, հսկեցէք ձեր զգացումներուն, որպէսզի կարենաք մնալ իրատես: Անիմաստ խնդիրներով մի՛ զբաղիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ դժուարութիւններ ունիք, զանոնք շրջանցելու միակ ձեւը հանդարտ սպասելն է, որպէսզի հարցերը աւելի յստականան եւ ձեր կամքը զօրանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր կողակիցին կամ զոյգերուն միջեւ հարցեր պիտի ստեղծուին: Այս վիճակին մէջ կրնաք գտնուիլ դուք եւս, բայց պիտի կարենաք ձեր նպատակին հասնիլ` շնորհիւ ձեր խոհեմութեան եւ ճարտարութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ կրնաք դիմակալել հարցեր, դժուարին պահեր: Պէտք է մնալ լուռ եւ ըլլաք համբերող, մինչեւ որ ստեղծուած հարցին պատճառը յայտնուի:

