50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1964)
«Ս. Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախագահը
Եւ Ռոպեր Կիւլպէնկեան Անթիլիասի Մէջ
Բուժարանի «Գ. Կիւլպէնկեան Հետազօտութեան
Կեդրոն»-ի Բացումը Ներկայութեամբ
Վեհափառին Եւ Առողջապահական Նախարարին
Երէկ` չորեքշաբթի, 11 մարտ 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին, Խորէն Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանին մէջ պաշտօնապէս ընդունեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ տոքթ. Ժոզէ տէ Ազերետօ Փերտիկաոն եւ նոյն հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպեր Կիւլպէնկեանը:
Յարգելի հիւրերը կաթողիկոսարանի մուտքէն մինչեւ վեհարան ծափերու արժանացան` անցնելով «Ճորճ Մարտիկեան» վարժարանի աշակերտութեան եւ դպրեվանքի սաներուն շարքերուն մէջէն:
Վեհարանի մէջ սիրալիր ընդունելութեան արժանացան վեհափառ հօր եւ պաշտօնական անձնաւորութեանց կողմէ:
Ներկայ էին` լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. հոգեշնորհ հայրեր, Ազգային կեդր. վարչութեան անդամներ, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Լիբանանի կրթական մարմինի անդամներ, Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալ եւ խորհրդատու վարչութեանց անդամներ, ազգային դէմքեր եւ մամուլի ներկայացուցիչներ:
Գարեգին Սրբազան կարդաց վեհափառ հօր օրհնութեան կոնդակը (որուն ամբողջական պատճէնը պիտի հրատարակենք մեր յաջորդ թիւին մէջ)` ուղղուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահին ու անդամներուն:
Սրբազան հայրը կարդաց նաեւ կոնդակին անգլերէն թարգմանութիւնը:
Նախագահ Փերտիկաօ, խորապէս, զգացուած, շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր եւ ներկաներուն` իրենց հանդէպ եղած այս սրտագին մաղթանքին» համար:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ կենաց բաժակներ առաջարկուեցան:
Հրաժեշտ առնելով վեհափառէն, հիւրերը, սրբազան հայրերու եւ վարդապետներու ընկերակցութեամբ, նախ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ապա երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի հողակոյտին մօտ կատարեցին իրենց աղօթքը:
Կրկին անցնելով աշակերտներու եւ սաներու շարքերուն մէջէն` ծափերու արժանացան եւ մեկնեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով:
Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ազունիէի Ազգային բուժարանին մէջ տեղի ունեցաւ խնամակալ վարչութեան եւ խորհրդատու յանձնախումբին կազմակերպած «Գալուստ Կիւլպէնկեան հետազօտական կեդրոն»-ի բացման հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ առողջապահութեան նախարար տոքթ. Մոհամետ Քնիոյի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ:
Ներկայ էին Խորէն Ա. կաթողիկոս, լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. եւ հոգեշնորհ հայրեր, կաթողիկէ պատրիարքական ընդհ. փոխանորդ հայր Մեսրոպ եպս. Թերզեան, վերապատուելիներ Ահարոնեան, Թիլքեան եւ ուրիշներ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ տոքթ. Փերտիկաօ եւ Ռոպեր Կիւլպէնկեան` իրենց կիներով, Ազգային կեդր. վարչութեան եւ իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. բուժարանի խնամակալ վարչութեան եւ խորհրդատու յանձնախումբի անդամներ, շրջանի նահանգապետը, Ազունիէցի տիւրզի շէյխեր եւ ժողովուրդ:
Հիւանդանոցի մուտքի անկիւնադարձին յաղթական կամար մը կանգնեցուցած էր եւ ամբողջ ճամբան դրօշազարդուած էր լիբանանեան ազգային դրօշակներով:
Նախարարը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան հետազօտական կեդրոն»-ի նորակառոյց եռայարկ շէնքի մուտքին կապուած ժապաւէնը կտրելէ ետք, ներկաները առաջնորդուեցան մեծ սրահ:
Խնամակալ վարչութեան նախագահ տոքթ. Գ. Թապուրեան, հանդիսութեան բացումը կատարելով, կարդաց հայերէն ուղերձ մը:
Ազգային Կեդր. վարչութեան ատենապետ մեթր Խաչիկ Պապիկեան խօսք առնելով` արաբերէնով գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ:
Այնուհետեւ, յաջորդաբար ուղերձներ կարդացին խորհրդատու յանձնախումբի կողմէ ֆրանսերէնով հայր տը լա Թուր, անգլերէնով տոքթ. Գ. Թապուրեան, արաբերէնով` տիւրզի շէյխ մը, անգլերէնով` Գարեգին եպս. եւ տոքթ. Բ. Մկրտիչեան:
Բոլորն ալ շեշտեցին այն կարեւոր դերը, որ կը կատարէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը:
Խօսք առնելով, նախագահ տոքթ. Փերտիկաօ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան եղած էր 13 տարիներ շարունակ բարեկամս: Իր միակ մտածումը եւ ցանկութիւնը եղած էր ծառայել մարդկութեան: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ իր զգացումներուն: Պիտի գործադրենք այն կտակը, որ թողուց մեզի` գործակիցներ ունենալով Եսայեանը, Ռոպեր Կիւլպէնկեանը եւ ուրիշներ»:
Վերջին խօսողը եղաւ Առողջապահութեան նախարար տոքթ. Մոհամետ Քնիօ, որ արաբերէնով բովանդակալից ճառ մը խօսեցաւ: Յանուն Լիբանանի կառավարութեան` շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան` իր կատարած մեծ գործին համար:
Վեհափառ հօր մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան հոգւոյն խաղաղութեան համար կատարած աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Այնուհետեւ, շէնքին մուտքի դահլիճին մէջ կատարուեցաւ բացումը Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրիին: Ապա, այցելելով շէնքի բոլոր յարկաբաժինները, բժշկապետ Բ. Մկրտիչեան բացատրութիւններ տուաւ հետազօտական այս կեդրոնին մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Իր ամբողջական սարքաւորումէն ետք, հետազօտական այս կեդրոնը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պիտի դառնայ գիտական մեծագոյն կեդրոնը:
Եղիշէ Պատրիարք Պէյրութի Մէջ
Քանի մը օրերէ ի վեր Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. կը գտնուի Անթիլիաս եւ հիւրն է Խորէն Ա. կաթողիկոսի:
Պատրիարք հայրը եկած է խորհրդակցելու վեհափառ հօր հետ Ս. Յարութիւն տաճարի նորոգութեանց ծախսերուն կիլիկեան թեմերուն մասնակցութիւնը կազմակերպելու համար:
Եղիշէ սրբազան ուրբաթ առաւօտ պիտի վերադառնայ Երուսաղէմ:
Ապրիլի սկիզբը պիտի գայ Անթիլիաս` ձեռնարկելու հանգանակութեան:

