«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայերը Սին Էլ Ֆիլի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սին էլ Ֆիլ հաստատուած թոմարզացի ընտանիքներ փայտաշէն եկեղեցիին առջեւ
Սին էլ Ֆիլ կը գտնուի Պէյրութի արեւելեան կողմը, Պուրճ Համուտի կողքին, հարաւը: Արաբերէն կը նշանակէ «փիղի ակռայ», բայց կ՛ենթադրուի, որ անտիոքի Բ. դարու պատրիարք սուրբ Թէոֆիլոսի անունէն սերած է:
Սին էլ Ֆիլի հողը բարեբեր է եւ շրջանը, 230 հեկտար տարածութեամբ եւ մինչեւ 50 մեթր բարձրութեամբ, երկրագործականօրէն հարուստ գօտի է, որուն արեւմուտքէն կը հոսի Պէյրութ գետը:
Սին էլ Ֆիլի մէջ զարգացած էր բանջարեղէնի մշակութիւնը եւ իւրաքանչիւր ընտանիք կը բնակէր իր կալուածին մէջ: Բնակարանները երկյարկանի էին, քարաշէն եւ կղմինտրածածկ. մէկ սենեակ վերը` բնակութեան համար, իսկ վարի սենեակը ախոռն էր, ուր այծ, ոչխար, կով, էշ, ձի եւ հաւ կը պահէին: Շրջանին մէջ կար փայտաշէն սրճարան մը: Բանջարանոցները սոնոպրիի (սնոպար) ծառաստաններով շրջապատուած էին, իսկ դէպի Տըքուէնի երկարող գօտին ամայի էր եւ սոնոպրիի անտառներով ծածկուած:
Պուրճ Համուտի մէջ հայութեան հաստատման ժամանակ կարգ մը ընտանիքներ, գլխաւորաբար` թոմարզացիներ, կայք հաստատեցին Սին էլ Ֆիլի մէջ:
* * *
Թոմարզացիներ կիլիկեցի այլ գաղթականներու հետ 1921 դեկտեմբերին Ատանայէն Պէյրութ փոխադրուած եւ ծովեզերեայ Ատանա քէմփին մէջ տեղաւորուած էին: Նշենք, որ տարագրութենէն վերադարձած թոմարզացի կարգ մը ընտանիքներ ալ Իզմիր փոխադրուած էին եւ հետագային Իզմիրի անկումէն ետք Յունաստան ապաստան գտան:
«Պատմութիւն հայ Տոմարծայի» Գ. հատորին մէջ, հեղինակ Յովհաննէս աւագ սարկաւագ Տոմարծացի կը գրէ.
Թոմարզացիներ Պէյրութի մէջ իբրեւ մէկ ընտանիք, առանց իրարմէ բաժնուելու, տեղաւորուեցան ծովեզերքին մօտ, Ատանա քէմփ կոչուած անսահման տարածութեամբ տախտակաշէն տուներուն մէջ: Ուր խռնուած էին, այլազան քաղաքներէ, գիւղերէ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ:
Անտէր ու անտիրական ձգուած այս ծովածաւալ բազմութեան մէջ, թոմարզացիներու վիճակը բաղդատմամբ ուրիշներու տանելի էր. անոնք ունէին կէս դարու պատմութիւն ունեցող Աղքատախնամ միութիւն մը, կեդրոն ունենալով Միացեալ Նահանգները: Աղքատախնամ միութեան մասնաճիւղի Ատանայի վարչութիւնը, իր կազմով, իր հայրենակիցներուն հետ Ատանայէն Պէյրութ փոխադրուած էր: Գանձին մէջ ունէր պատրաստ դրամ եւ Ամերիկայի կեդրոնէն ալ ստացաւ որոշ գումար մը եւ անմիջական օգնութեան հասաւ իր կարօտ հայրենակիցներուն եւ անոնց զաւակներու կրթական գործին:
Այսպէս, Թոմարզացիներու Աղքատախնամ միութիւնը, իր օգտակար գործունէութեամբ, անմիջապէս ճանչցուեցաւ Պէյրութի օրուան առաջնորդ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական փոխանորդ Եփրեմ Ծ. վրդ. Տոհմունիի կողմէ (յետոյ եպիսկոպոս):
Թոմարզայի Աղքատախնամ միութիւնը, իր ստացած բարի համբաւով, այդ առաջին տարիներուն, օգտակար եղաւ նաեւ հիւղաւանի իր շրջանի հայութեան, երբ տակաւին իւրաքանչիւր քաղաքացի կազմակերպուած չէր եւ չունէին իրենց հայրենակցական միութիւնը: Կը պատահէր, որ որեւէ քաղաքացի կամ գիւղացի, խնդիր ունենար առաջնորդարանի հետ, ամուսնութեան, նշանտուքի, ճամբորդութեան, փոսթէն դրամ գանձելու եւ նման այլ խնդիրներու շուրջ եւ պէտք էր ունենար վկայութեան իր ինքնութիւնը ճշդելու համար: Առաջնորդարանը որպէս վկայութիւն կը պահանջէր Թոմարզայի Աղքատախնամ միութեան հաստատագիրը: Միութիւնը յետ քննութեան ու հարցուփորձի, կը վկայէր միութեան պաշտօնական կնիքով: Այսպէս, շարունակուեցաւ երկու տարի:
Թոմարզացիներ, հիւղականի այս ծովածաւալ ու խառնիճաղանճ անորոշութեան մէջ, չէին կորսնցուցած իրենց աւանդական ու ընտանեկան բարքերը, կ՛ապրէին այնպէս, ինչպէս կ՛ապրէին իրենց ծննդավայր Թոմարզայի մէջ, նախքան տարագրութիւն:
* * *

Ազգային Արամեան վարժարանը
Ատանա քէմփի հրկիզումէն ետք, 1933-ին, թոմարզացիներ յանձնախումբ մը կազմեցին եւ որոշեցին իրենց ծննդավայրին անունով աւան մը կառուցել Պէյրութի մօտակայքը: Յանձնախումբին առաջին անդամներն էին Խաչեր Տէրտէրեան, Յովհաննէս սարկաւագ եւ Գրիգոր աղա Սալպաշեան, որոնց յետոյ միացան Աբէլ աղա Եահընեան եւ Սահակ Մարկոսեան:
Թոմարզացի քառասունհինգ ընտանիքներ տեղաւորուեցան Թրատ թաղին մէջ, ներկայ ջուրի ընկերութեան շրջանը եւ Նոր Թոմարզա անունով փոքր թաղամաս մը կազմաւորեցին:
Թոմարզացիներու մէկ մասն ալ տեղաւորուեցաւ Սին էլ Ֆիլի մէջ, ուր արդէն կայք հաստատած էին թոմարզացի կարգ մը ընտանիքներ: Այդ ընտանիքները Ատանայէն Լիբանան փոխադրուելէ ետք, փոխանակ Պէյրութ, Ատանա քէմփին մէջ տեղաւորուելու, Խաչեր Զէքիեանի, Յարութիւն Հիւթիւթեանի եւ Արամ Մաղաքեանի առաջնորդութեամբ, ուղղակի Սին էլ Ֆիլ գացած եւ Պշարա Աքքարի ընդարձակ կալուածին վրայ հաստատուած էին:
Պշարա Աքքար հայ ընտանիքներուն հող տրամադրեց չնչին վարձքով մը: Խաչեր Զէքիեան իբրեւ ատաղձագործ օգտակար եղաւ բնակարաններու կառուցման եւ աղքատներուն տուները ձրի շինեց:
Թոմարզացիներու կողքին հոն բնակութիւն հաստատեցին նաեւ եոզկատցի, ռումտիկինցի, կեսարացի, չմշկածագցի եւ քեսապցի ընտանիքներ:
Անոնք առաջին տարիներուն, կը զբաղէին իրենց արհեստներով, ինչպէս նաեւ իրենց մօտիկը գտնուած ընդարձակ դաշտը կը հերկէին, կը ցանէին գարի եւ ցորեն:
Չորս պատերով տախտակէ սենեակ մը շինելով, ճակատը փայտէ խաչ մը հաստատեցին եւ իբրեւ եկեղեցի երկար ժամանակ աղօթատեղի ըրին: Առաջնորդարանին հրամանով կիրակի օրեր քահանայ մը կը հրաւիրէին եւ ժամերգութիւն ու պատարագ կը մատուցանէին:
Սին էլ Ֆիլի հայութիւնը 1935-ին, Կարապետ Թոփուշեանի նախաձեռնութեամբ Արամեան վարժարանը կառուցեց. դպրոցը սկիզբը փայտաշէն էր եւ հետագային կառուցուեցաւ քարաշէն շէնքը:
Սին էլ Ֆիլի հայութիւնը պահած էր աւանդական նիստն ու կացը, բարքերն ու սովորութիւնները: Կիրակի եւ տօն օրերուն դէպի Տըքուէնիի անտառը պտոյտի կ՛երթային, թթու խոտ (էշկիմէմէք) կը հաւաքէին, իսկ բարեկենդանին ժողովրդային տօնախմբութիւն կը կազմակերպէին:
Նշենք, որ Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն դէպի Սին էլ Ֆիլ, Տըքուէնի եւ Մըքալլէս երթեւեկի համար քարոս երկձի կառքեր կային:
* * *

Արամեան վարժարանի աշակերտներ
Ազգային Արամեան վարժարանին քարաշէն շէնքին կառուցումը աւարտեցաւ 1969-ին, եւ 16 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը: «Ազդակ» օրին, 15, 17 եւ 24 նոյեմբեր 1969-ի թիւերով լայնօրէն անդրադարձած է դպրոցի շէնքի բացումին:
Արամեան վարժարանը աւելի քան 200 աշակերտ ունէր: Կու գային մօտ ու հեռու թաղամասերէն. Արագածէն, Նոր Թոմարզայէն, Տըքուէնիէն, Տահր էլ Ճամալէն, Սէտ էլ Պաուշրիէէն, Ռաուտայէն: Վարժարանը հաստատած էր նաեւ ինքնաշարժի դրութիւն:
Պետական սերթիֆիքայի մէջ ամէն տարի յաջողութիւն արձանագրող դպրոց էր ազգային Արամեան վարժարանը: Տնօրէնութեամբ Սարգիս Պալեանի, ուսուցչական կազմը բաղկացած էր գրեթէ երկրորդական ուսում ստացած ուսուցիչներէ եւ մէկ համալսարանականէ: Պիւտճէ` 10 հազար լիբ. ոսկի:
34 տարի շարունակ, փոքրիկներ դժուարին պայմաններու տակ սորված են Մեսրոպեան այբուբենը: Յետոյ փոխուած է դպրոցին ամբողջ դիմագիծը եւ նոր շէնքով մը օժտուած է ազգային Արամեան վարժարանը: Երկյարկանի, օդասուն դասարաններով: Արդարեւ, այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ այլ վարժարաններու կողքին անհրաժեշտութիւն մըն էր, ազգային Արամեան վարժարանը հայապահպանման տեսակէտէն:
Սակայն, արձանագրուած նուաճումը, նոր շէնքը, դիւրութեամբ կառուցուած չէր: Շինութիւնը սկսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տրամադրած 6600 տոլարի նպաստով: Հոգաբարձութիւն եւ տնօրէնութիւն, քաջալերուած Ազգային ուսումնական խորհուրդի նախագահ առաջնորդ սրբազանէն, ոչ մէկ ջանք խնայած են շինութիւնը յաջողութեամբ աւարտելու համար: Շէնքի շինութեան նախագիծը պատրաստողը եւս օրով յանձն առած է գործը, առանց նկատի ունենալու վճարումի պայմանները: Եւ շինութիւնը աւարտած է 23 հազար լ. ոսկի բացով:
Նախաձեռնութեամբ դպրոցի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 16 նոյեմբեր 1969-ին տեղի ունեցաւ շէնքին բացումը, հովանաւորութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Պետրոս Բարսեղեանի:
Ներկայ էին Դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպիսկոպոս, Ազգային գաւառական ժողովի ատենապետ եւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետ Հապիպ Հաքիմ, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Պուրճ Համուտի թաղական խորհուրդներու, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, վարժարաններու տնօրէններ, շրջանի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անդամուհիներ եւ ազգայիններ:
Ախորժաբերէ եւ կէս ժամ տեւող զրոյցէ ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը: Նախակրթարանի եւ մանկապարէզի մուտքի ժապաւէնները կտրուեցան եւ ներկաները այցելեցին դասարանները ուրախութեամբ: Ապա տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Դամատայութիւնը վարեց Խաչեր Յակոբեան, մէջ ընդ մէջ իր արտասանած հայրենաշունչ քերթուածներով խանդավառեց ներկաները: Զուարթ մթնոլորտ ստեղծեց Սեդրակ Էսմէրեանի «Սայաթ Նովա» նուագախումբը:
Աւետիս Իսպէնճեան արաբերէնով բովանդակալից ճառ մը խօսեցաւ: Ընդգծեց հայ դպրոցներուն բերած նպաստը Լիբանանի վերելքին: Շեշտեց դպրոցներու առաքելութիւնը ազգերու քաղաքակրթութեան մէջ: Նշեց, թէ Լիբանան անցեալին մէջ եղած է մարդկութեան եւ ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան օճախը: Կը հաւատանք, որ ան լոյսի կեդրոն մըն է: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան եւ շրջանի երեւելի անձնաւորութիւններէն տոքթ. Սելիմ Հայեքի, որոնց սէրն ու հոգածութիւնը վայելած է միշտ Սին էլ Ֆիլի հայութիւնը:

Հայ երիտասարդներ Սին էլ Ֆիլի մէջ, ընթերցանութեան պահուն
Յատուկ գնահատանքի խօսքեր եղան շէնքի ճարտարապետ Գէորգ Էմմիեանի եւ յանձնակատար Սահակ Կիպինեանին, որ անսակարկ նուիրումով աւարտած է շինութիւնը:
Տպաւորիչ ճառ մը խօսեցաւ Գարեգին եպիսկոպոս: Ընդհանուր գիծերու մէջ ըսաւ.
«Խորունկ հրճուանքով կ՛ողջունեմ այս վարժարանին գեղակերտ կառուցումը, անոր մէջ տեսնելով նոր ովասիսի մը ծաղկումը հայ կեանքին մէջ, Պուրճ Համուտի եւ Սին էլ Ֆիլի այս հայաշատ կեդրոնի եւ մթնոլորտի պայմաններուն տակ:
«Ազգի մը, ինչպէս անհատի մը կեանքին մէջ կան բազմաթիւ երեսներ, բազմատեսակ երեւոյթներ եւ այլազան ընելիքներ: Կարեւորը այդ բոլորին մէջ ճշդելն է, թէ ո՞րն է առաջնահերթը, հրամայականը, անյետաձելին:
«Ինծի համար հայ կեանքի ներկայ պայմաններուն տակ է՛ն կարեւորը, «ամէն բանէ վեր»-ը ինչպէս կը սիրէր ըսել բազմավաստակ գրագէտ հանգուցեալ Շաւարշ Նարդունին, հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնն է, այսինքն պատրաստութիւնը իբրեւ մարդ եւ հայ:
«Եթէ կը խօսինք հայոց ապագային մասին, եթէ լրջօրէն մտահոգուած ենք եւ նախանձախնդիր մօտեցում ունինք, հաւատքին եւ լոյսին հետ միասին, մեր ժողովուրդի ապագայի պայծառութեան նկատմամբ, այն ատեն մեր բոլոր ուժերը պէտք է լարենք դէպի հայ նոր սերունդի առողջ պատրաստութիւնը մարդկային, գիտական, հայկական մակարդակներու վրայ հաւասարապէս:
«Մեր դպրոցներն են այն ովասիսները, որ 20-րդ դարու հայութեան համար անապատացող այս սփիւռքի պայմաններուն մէջ պիտի կարենան զովութիւն բերել մեր կեանքին մէջ, ներկային, եւ տոկուն սնունդ ու ապահովութիւն` ապագային համար:
«Մեր կեանքի մայր էջին, կեդրոնական տեղին ու դիրքին վրայ փոխադրել հայ վարժարանը: Մեր մտածումներուն, զբաղումներուն առանցքը պէտք է դառնայ ան: Որովհետեւ հայ դպրոցը այն է հայ կեանքին մէջ, ինչ որ սիրտը` մարդկային կեանքին մէջ…:
«Տալ դպրոցին համար, նիւթական զոհողութիւններ կատարել հայ վարժարանին համար, կը նշանակէ տալ ու զոհուիլ ոչ ուրիշին համար, այլ ինք իրեն համար: Ինչ որ կու տանք հայ դպրոցին, մեզմէ դուրս տուած չենք ըլլար, այլ մենք մեզի, ի խնդիր մեր հայկական դիմագծութեան առողջ պահպանումին, մեր հաւաքական ազգին, մեր մե՜ծ հա՛յ ԵՍին:
«Ուրեմն տա՛նք սրտով, տա՛նք սիրով, տա՛նք ափով»:
Գարեգին սրբազանի այս ջերմ խօսքերը իրենց անդրադարձը ունեցան տեղւոյն վրայ կատարուած նուիրատուութիւններուն վրայ, որոնք իրապէ՛ս եղան սրտաբուխ:
Արդարեւ, առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի անխառն ուրախութեան եւ գոհունակութեան արտայայտութիւնները, ի տես նորակառոյց շէնքին եւ զայն իրագործողներուն, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքերէն ետք` սկսան նուիրատուութիւնները: Բացի դպրոցի բարեզարդման համար եղած խոստումներէն, գումարը հասաւ մօտ 23 հազար լիբանանեան ոսկիի: Չսպասուած գումար մը, որովհետեւ, մասնակցողները Գարեգին սրբազանի արտայայտութեամբ, տուին «սրտո՛վ, սիրո՛վ, ափո՛վ»:
* * *
Սին էլ Ֆիլի մէջ 1952-ին հիմնուած էր Հայ աւետարանական վարժարանը տիկին Կլատիս Շիւքրիի տնօրէնութեամբ:
Վերապատուելի Արամ Հատիտեանի նախաձեռնութեամբ, 1953-ին աւետարանական դպրոց մը բացուեցաւ, սկիզբը` գետեզերքը, Կոմիտաս թաղին մէջ, յետոյ փոխադրուեցաւ Կլատիս Շիւքրիի տունը եւ հետագային Ստեփան Փիլիպոսեանի նուիրատուութեամբ վարժարանին համար սեփական շէնք մը գնուեցաւ եւ վերակոչուեցաւ Հայ աւետարանական Ստեփան Փիլիպոսեան վարժարան:

