Իսրայէլ Համագործակցած Է Իսլամ Երկիրներու Հետ, Որոնց Շարքին Նաեւ` Ազրպէյճան
Բրիտանական «Տը Միտըլ Իսթ մոնիթըր» կայքէջին համաձայն, Իսրայէլի բանակի պաշտօնական կայքէջը հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր նշուած են շարք մը իսլամ եւ արաբական երկիրներու անունները, որոնց հետ համագործակցած է Իսրայէլի գաղտնի հետախուզութիւնը` Մոսատը:
Ցանկին վրայ յայտնուած են` Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Աֆղանիստանը եւ Ազրպէյճանը: Ըստ նոյն զեկոյցին, համագործակցութեան ծիրէն ներս Իսրայէլի տեղեկութիւններ տրամադրուած են Պահրէյնի, Իրանի եւ Պաղեստինի վերաբերեալ: Հոն կը նշուի նաեւ, որ Իրանի հիւլէական ծրագրին գծով Սէուտական Արաբիոյ հետ ուղղակի համագործակցութիւն ծաւալած է:
Տեղեկագիրը կը հաստատէ նաեւ, որ Իսրայէլը Ազրպէյճանին ու Աֆղանիստանին վաճառած զինամթերքը մատակարարած է Փաքիստանի տարածքով: Կը նշուի նաեւ, որ Իսրայէլ Ազրպէյճանէն գաղտնի տեղեկութիւններ ստացած է Իրանի մասին: