Դամասկոսի Շրջանին Մէջ 27 Ազրպէյճանցի Զինեալ Մահացած Է

syrAzerԱզրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ համացանցին վրայ Սուրիոյ մէջ մահացած ազրպէյճանցի զինեալներու մասին նոր տեսաերիզ մը տեղադրուած է: Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ կռուող իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու պատկանող կայքի մը վրայ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ կը խօսուի Դամասկոսի շրջանին մէջ սպաննուած 27 ազրպէյճանցի զինեալներու մասին: Թէեւ անոնցմէ քանի մը հոգիի սպանութեան մասին ազրպէյճանական կայքերու վրայ նախապէս տեղեկութիւն տեղադրուած էր, սակայն անոնց մեծամասնութեան մահուան լուրը նորութիւն է:

Սուրիոյ մէջ իրավիճակի սրումէն ետք Ազրպէյճանի քաղաքացիներ մեկնած են հոն եւ սկսած են կռուելու տարբեր ծայրայեղական խմբաւորումներու շարքերուն մէջ: Ցարդ աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցի զինեալներ սպաննուած են Սուրիոյ տարածքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )