Արցախի Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Հարցերու Փոխնախարարը Այցելեց «Ազդակ»

lernig3Երէկ «Ազդակ» այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Հանդիպումը առիթ ընծայեց լայնօրէն զրուցելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան մշակութային քաղաքականութեան մասին: Յովհաննիսեան նաեւ ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 7:30-ին Լեռնիկ Յովհաննիսեան պիտի դառնայ «Ազդակ»-ի մամլոյ 91-րդ լսարանի զեկուցաբերը: Ան պիտի զեկուցէ Արցախի մշակութային կեանքին մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES