Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-Ի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի. Այս Անգամ Զոհը` Շանվիլ

1910992_10152281595609429_1696940050_oԼիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը, շարունակելով իր յաղթարշաւը իր աննման համակիրներուն հետ, այս անգամ իր զոհը դարձուց Շանվիլը` արձանագրելով 73 – 63 արդիւնքով յաղթանակ մը (28-18, 36-33, 47-46 եւ 73-63):

Ինչպէս նկատելի էր, 2-րդ եւ 3-րդ քորթըրներուն արդիւնքները եղան իրարու մօտ: ՀՄԸՄ աւելի տիրապետեց առաջին եւ վերջին քորթըրներուն` 10-ական կէտի տարբերութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ երթի մրցումներուն արձանագրած էր երկու յաղթանակ, դարձի իր երկու մրցումներն ալ այսպիսով աւարտեց երկու յաղթանակով:

Շանվիլի դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ ձեւով եւ նշանակեցին իրենց կէտերը ստորեւ տրուած ձեւով.

PROFOTO

PROFOTO

Տիոն Տիքսըն (40 վայրկեան, 22 կէտ, 3 ռիպաունտ), Հայկ Խաչերեան (2′ 09″), Սեւակ Քեթենճեան (17′ 58″, 7 կէտ, 4 ռիպաունտ), Ռալֆ Աքըլ (21′ 38″), Մարք Քորճեան (5′ 07″), Թերենս Լիթըր (40 վայրկեան, 23 կէտ, 10 ռիպաունտ), Ճօ Ղաթթաս (4′ 44″), Հայկ Կէօքճեան (37′ 50″, 14 կէտ, 9 ռիպաունտ) եւ Ժոզեֆ Վոկըլ (30′ 29″, 5 կէտ եւ 4 ռիպաունտ):

Շանվիլէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեցին Ճորճ Ցինսածէ (23 կէտ եւ 6 ռիպաունտ) եւ Ֆիլիփ Թապեթ (23 կէտ եւ 2 ռիպաունտ):

Դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ իր մրցումը պիտի կատարէ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ), երբ շաբաթ, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, հիւրը պիտի ըլլայ Պըժժէի:

Երէկուան այս մրցումէն ետք ՀՄԸՄ բարձրացաւ 7-րդ դիրք, մինչ Շանվիլ նահանջեց 8-րդ դիրք:

Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, դարձի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, Հուփս պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը:

 

Share this Article
CATEGORIES