Ակնարկ. Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Երկակի Չափանիշներ Կիրարկել
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Մինչ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութեան վրայ կը շեշտէ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտնէ, որ Ուքրանիայէն անջատուելով Ռուսիոյ միանալու համար «Խրիմի օրինական իշխանութիւններուն առած քայլերը հիմնուած են միջազգային օրէնքին վրայ», իմա` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Այս կեցուածքը անշուշտ վեհանձնութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ` աշխարհաքաղաքական շահերու: Հարցը այն է, որ Ռուսիան Խրիմը կորսնցնելու պարագային պիտի զրկուի տաք ջուրերու վրայ ելքէն, որուն ապահովման ձգտած է Մեծն Պետրոսի օրերէն ի վեր: Խրիմէն զրկուած ու սառուցեալ ովկիանոսով պաշարուած Ռուսիան կը մեկուսանայ եւ կը վերադառնայ Իվան ահարկուի ժամանակաշրջան: Այստեղ, անշուշտ, Խրիմի մեծամասնութեամբ ռուսերով բնակուած ըլլալը նպաստաւոր մանրամասնութիւն մըն է պարզապէս:
Խրիմի ինքնորոշման իրաւունքին Ռուսիոյ զօրակցութիւնը հայկական լրատուական դաշտին մօտ այդ կեցուածքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վրայ ազդեցութեան կարելիութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ստեղծած է: Պէտք չէ այդ կեցուածքին ազդեցութեան նկատմամբ յոյսեր կապել: 2008¬ին, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ռուս քաղաքացիները պաշտպանելու պատրուակով, Քիեւի նման արեւմտամէտ Թիֆլիսի դէմ Ռուսիոյ մղած պատերազմէն ետք, Մոսկուա նշեալ երկու շրջաններու ժողովուրդներուն ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցաւ, սակայն օրին այդ քայլը որեւէ ազդեցութիւն չունեցաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին նկատմամբ Մոսկուայի կեցուածքին վրայ: Ռուսիան` իբրեւ ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, կը շարունակէ պնդել տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներու համատեղման սկզբունքին վրայ:
Ռուսիոյ կողմէ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին աջակցելու միակողմանի քայլ մը պատճառ կը դառնայ Մինսքի խմբակի քայքայման` անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով: Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներուն կողքին յաւելեալ տագնապի մը կամ սուր լարուածութեան մը ստեղծումը չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն: Ուստի, պէտք չէ յուսալ, որ Ռուսիա Աբխազիոյ ինքնորոշման եւ Հարաւային Օսեթիոյ ինքնորոշման իրաւունքները ճանչնալէն ետք չկատարածը այսօր` Խրիմի մէջ 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէի արդիւնքէն ետք կատարէ:
Վերոնշեալ նախադէպերը բարացուցական են եւ այն համոզումը կը ստեղծեն, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ երկակի չափանիշներ կիրարկել: Ի վերջոյ ան եւս մեծ տէրութիւն մըն է եւ այլ մեծ տէրութեանց նման կ՛առաջնորդուի իր պետական շահերով, որոնց լոյսին տակ, ըստ նպատակայարմարութեան, կ՛որոշէ տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքի՞ն, ինքնորոշման իրաւունքի՞ն, թէ՞ այդ իրաւունքներու համատեղման սկզբունքին զօրակցիլ:

