Թուրքիոյ Մէջ «Էրկենեքոն»-Ի Գործով Քսան Բանտարկեալ Ազատ Արձակուած Է

ErgenekonԹրքական «Հիւրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դատական իշխանութիւնները երկուշաբթի օր ազատ արձակած են «Էրկենեքոն» անունը ստացած պետական յեղաշրջման փորձի համար բանտարկուած յաւելեալ քսան մարդ:

Ազատ արձակուած բանտարկեալներուն շարքին են զինուորականներ, գրողներ, հրատարակիչներ, փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզ, լրագրող Թունճայ Էօզքան, Եալչըն Քիւչիւք, հանգստեան կոչուած զինուորականներ Լեւենթ Կէօքթաշ, Տուրսուն Չիչեք, Սետաթ Պեքեր, Իպրահիմ Եալչը, Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք եւ ուրիշներ:

Ազատ արձակուածներէն շատերը դատապարտուած էին ցկեանս բանտարկութեան:

7 մարտին, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու դատարանը ազատ արձակած էր Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղը, որ «Էրկենեքոն»-ի գործով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուածներու շարքին էր:

Նոյն օրը, Թուրքիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքներու վերջին փոփոխութեանց լոյսին տակ ազատ արձակուած էր նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով բանտարկուած, Թուրքիոյ ոստիկանութեան գործակալ նկատուող Էրհան Թունջել:

Ազատ արձակուած է նաեւ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի եւ Սվազի հայերու միութեան ղեկավար Մինաս Տուրմազկիւլերի դէմ մահափորձ նախապատրաստած Իպրահիմ Շահին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES