«Ալիեւի Իրան Այցելութիւնը Կրնայ Շրջադարձային Ըլլալ Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Աֆխամ

Մարզիէ Աֆխամ
ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ Աֆխամ յայտարարած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Իրան: Այժմ կը պատրաստուի այցելութեան օրակարգը եւ անոր թուականը կը համապատասխանեցուի նախագահներու ժամանակացոյցին:
Ըստ անոր, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բաւական լաւ մակարդակի վրայ են եւ կը շարունակեն զարգանալ: «Այդ մասին կը վկայէ նաեւ Թուրքիոյ սահմանամերձ քաղաքին մէջ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կայացնելու մտադրութիւնը», ըսած է ան:
Աֆխամ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի նախագահի այցելութիւնը կրնայ շրջադարձային ըլլալ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար: «Համապատասխան կառոյցները կ՛աշխատին այցելութեան կազմակերպման ուղղութեամբ», ըսած է ան:

