Լաւրով. «Անհրաժեշտ Է Յարգել Խրիմի Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը»

Kerry-Lavrov-1103Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է յարգել Խրիմի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը»: Երկու նախարարները համաձայնեցան շարունակելու ուքրանական հարցին շուրջ քննարկումները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի մերժեց հանդիպում ունենալու Ռուսիոյ նախագահի առաջարկը, մինչեւ որ Մոսկուա Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկներուն ուղղութեամբ քայլեր առնէ:

Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին յայտնեց, որ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութիւնը որեւէ բանակցութիւն կատարելը դժուարացուցած է:

Ռուսիա երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ տագնապը բանակցութեան ճամբով լուծելու ամերիկեան ծրագիրին հակաառաջարկներ կը պատրաստէ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կ՛ընդգծեն, որ եթէ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ միանալու հարցին շուրջ 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէն տեղի ունենայ, խօսելու տեղ պիտի չմնայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին տեսնելու շօշափելի փաստեր, որ Ռուսիա պատրաստ է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի երկխօսութիւնը դիւրացնելու մեր դիւանագիտական առաջարկներուն վրայ աշխատելու եւ տագնապի լարուածութիւնը մեղմացնելու համար կապի խմբակի նման միջազգային մեքանիզմներ օգտագործելու»:

«Քերրի արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին յստակ դարձուց, որ ինք պիտի ողջունէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը մեղմացնելու շուրջ յաւելեալ քննարկումներ, եթէ եւ երբ շօշափելի փաստ տեսնենք, որ Ռուսիա պատրաստ է առաջարկներուն վրայ աշխատելու»:

Ուաշինկթըն կը յայտնէ, որ ռուսական կողմը տակաւին Քերրիի Լաւրովի փոխանցած հարցումներուն պաշտօնական պատասխաններ չէ ստացած: Ամերիկեան կողմը մասնաւորաբար կը հարցնէ, եթէ Մոսկուա պատրաստ է ուքրանական նոր կառավարութենէն պաշտօնատարներու հետ հանդիպելու:

Լաւրով նախագահ Փութինին պատկերասփռուած զեկուցում մը ներկայացնելով յայտնեց, որ Քերրիի առաջարկները «անյարմար» են, որովհետեւ «յեղաշրջումով ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ մեկնակէտ» նկատի կ՛ունենան:

Լարուածութեան Մագլցում

Խրիմի ինքնավար մարզի իշխանութիւնները երէկ փակեցին առեւտրական եւ ճամբորդատար թռիչքներու առջեւ թերակղզիին օդային տարածքը:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշած է Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ուղարկել հետախոյզ օդանաւ մը, որ թռիչք պիտի կատարէ Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի օդային տարածքին մէջ: Նախապէս ՕԹԱՆ եւս որոշած էր ուղարկել լրտեսական օդանաւեր, որոնք թռիչք պիտի կատարեն Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ օդային տարածքին մէջ:

Ուքրանիոյ գերագոյն ռատան (խորհրդարանը) սպառնաց լուծարել Խրիմի խորհրդարանը, եթէ վերջինս մինչեւ 12 մարտ (այսօր) չեղեալ չնկատէ ինքնավար մարզին Ռուսիոյ միանալու մասին հանրաքուէն: Վերջնագիրին աջակցութիւն յայտնած է 255 երեսփոխան, ձեռնպահ մնացած է մէկ երեսփոխան, իսկ քուէարկութեան չեն մասնակցած 68 երեսփոխաններ, որոնց մեծամասնութիւնը համայնավարներ են:

Խրիմի Գերագոյն խորհուրդը երէկ ինքնավար մարզի եւ Սեւասթոփոլի անկախութեան մասին հռչակագիր որդեգրեց: Որոշումին թեր քուէարկեցին 100 երեսփոխաններէն 78-ն:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ միջամտութիւնը համաշխարհային երրորդ պատերազմի պիտի առաջնորդէ: Ան ըսաւ, որ Ուքրանիոյ ազգային պահակագունդի ստեղծման նպատակը ստեղծումն է ազգային բանակի մը, որ ենթակայ պիտի ըլլայ մարդոց, որովհետեւ իրականութեան մէջ անցեալ դարու 90-ական թուականներուն անկախանալէ ետք երկրին մէջ որեւէ բան չէ փոխուած:

Պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ ժողովուրդը պաշտպանելու ուժի մը կարիքը գոյութիւն ունի, որովհետեւ բանակը քանդուեցաւ եւ շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ ազգային պահակագունդը երկրին ամբողջ տարածքին, ներառեալ` Խրիմի մէջ մարդոց պաշտպանի դերը պիտի կատարէ:

Քիեւի մէջ խորհրդարանը երէկ իբրեւ 1994-ի համաձայնութեան հիմամբ Ուքրանիոյ տրուած ապահովական խոստումներու երաշխաւորներ Միացեալ Նահանգներէն եւ Բրիտանիայէն խնդրեց բոլոր միջոցառումները, ներառեալ` ռազմակայանը օգտագործել կասեցնելու համար Ռուսիոյ «յարձակումը»:

Տաւութօղլու. «Թուրքիա Կ՛առաջարկէ
Հանրաքուէն Յետաձգել Եւ
Ուքրանիոյ Մէջ Լարուածութիւնը
Թուլացնել»

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ հակառակ այն հանգամանքին, որ իրենք Խրիմէն եւ Ուքրանիայէն հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու են, սակայն կը շարունակեն ուշի ուշով հետեւիլ այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան նուազեցումն ու Խրիմի հանրաքուէի յետաձգումը շատ կարեւոր են:

«Մինչեւ այս պահը յստակ արդիւնք չկայ, սակայն մենք մեր դիւանագիտական կարելիութիւնները օգտագործելով կ՛ընենք կարելին` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ Խրիմի մէջ ճգնաժամը միջազգային օրէնքներու համաձայն, երկրի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ լուծելու համար», ըսած է ան:

Տաւութօղլու յայտնած է, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են Խրիմի թաթարներուն հետ: «Յատկապէս Խրիմի մէջ մեր թաթար եղբայրներուն, ազգակիցներուն վնաս չկրելուն համար ջանքեր չենք խնայեր: Փառք Աստուծոյ, մինչեւ այս պահս, հակառակ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան, որեւէ խնդիր չէ եղած», ըսած է ան:

Նշենք, որ Փութին Ուքրանիոյ խորհրդարանի անդամ, Խրիմի թաթարներու խորհուրդի նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Ճեմիլեւը հրաւիրած է Մոսկուա` հանդիպում ունենալու համար: Ճեմիլեւ տակաւին հրաւէրին պատասխան մը չէ տուած:

 

Share this Article
CATEGORIES