Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ աւարտեց Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներու պայթումներուն հետաքննութիւնները եւ այդ թղթածրարը փոխանցեց ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք կը ցանկան ունենալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որ կարողութիւն ունենայ պահպանելու Դիմադրութիւնը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մէջ գործող ապահովութեան ուժերը ձախողեցուցին օդակայանէն դէպի Լիբանան 6 քիլոկրամ թմրեցուցիչի (քոքային) մաքսանենգումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երէկ երեկոյեան Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախարարներն ու պատասխանատուները գումարած են նիստ մը, որուն ընթացքին վերահաստատած են իրենց կեցուածքները:
ԿԸ նախատեսուի, որ մայիս ամսուան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը Լիբանան այցելէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ բանակցութիւններ չկան` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը գոյացնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կը պատրաստուին նշելու Մայրիներու յեղափոխութեան Թ. տարեդարձը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց կառավարութեան մշակելու երկրին սահմանադրութեան համապատասխանող աշխատանքային ծրագիր մը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ կը գործէ հարաւային Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ կատարելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ գիւղական բոլոր ճամբաները բաց են, բացի Այնաթա-Արզի եւ Մարպին-Հերմելի ճամբաներէն, որոնք փակ են տեղացած ձիւնին պատճառով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իրաւունք մըն է, որուն տապալումը անկարելի է ընդունիլ, իսկ անոր մասին վերջերս կատարուած յայտարարութիւնները անհասկնալի են:
ԱՐԵՒԵԼՔԻ քրիստոնեաներու հանդիպումը խստիւ դատապարտեց Արեւելքի քրիստոնեաները իբրեւ պատանդներ թիրախ դարձնելու քայլերը:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ հարցերը դէպի լուծում կ՛ուղղուին, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Հըզպալլայի միջեւ ոչ մէկ հարց կայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հանդիպում մը ունենալէ ետք հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն խորհուրդ տուաւ վերջ տալու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին դիմաց ցցուող խոչընդոտներուն:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիր մը մշակելու իմաստով ի գործ դրուող դրական ջանքերը պիտի նպաստեն, որ կարելի ըլլայ լուծումի մը յանգիլ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ երկրին մէջ զինուորական որեւէ գործունէութիւն պէտք է կատարուի լիբանանեան պետութեան որոշումով:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը յայտնած է, որ Եուհաննա Իպրահիմ եւ Պուլոս Եազիժի առեւանգուած առաջնորդներուն ազատ արձակումը ապահովելու մեծ յոյսեր կան:

