Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Տերեք Փլամպլին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական այս տագնապալի օրերուն, միջազգային ընտանիքը տակաւին յանձնառու է Լիբանանի զօրակցութեան, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին վերահաստատուեցաւ Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին:
Փլամպլի յայտնեց, որ ինք եւ Ռայի պատրիարքը համաձայնած են նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու եւ հաշուի առնելու, որ ժողովրդավարութեան պահպանումը էական է Լիբանանի ապահովական կայունութեան համար:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիք ունի կարողութիւններ ունեցող եւ գործող կառավարութեան մը:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտում եւ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ:

