Պըրրի. «Աշխատանքային Ծրագիրին Առումով Որեւէ Ուշացում Կառավարութիւնը Լուրջ Հարցի Դիմաց Կը Զետեղէ»

Յուշանուէրի փոխանակում` Պըրրիի եւ զօր. Կրացիանոյի միջեւ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց իտալական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի եւ Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Մարոնի խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան եւ անոր աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Խազեն իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Պըրրի նշած է, թէ աշխատանքային ծրագիրին առումով արձանագրուելիք որեւէ ուշացում կառավարութիւնը լուրջ հարցի դիմաց կը զետեղէ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասը:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութեան իրաւունքը պէտք է ներառէ բոլոր մարզերը, որոնց մէջ նաեւ` Լիբանանի քարիւղը:

