«Սուրիոյ Մէջ Ընդդիմութիւն Չկայ, Այլ` Երկիրը Քանդելու Միջազգային Որոշում» Ընդգծեց Շէյխ Քասեմ

Sheikh QassemՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Իսլամական զարթօնքի խորհուրդին տարեկան նիստին, որուն ընթացքին արտասանեց խօսք մը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան` Քասեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող վարչակարգին դէմ ընդդիմութիւն  չկայ, ինչպէս նաեւ չկայ ազգային իրաւունքներու պահանջ, այլ կայ միջազգային որոշում մը, որուն նպատակն է քանդել Դիմադրութեան զօրակցող երկիրը եւ հիմնել Իսրայէլի բարեկամ Սուրիա մը:

Քասեմ ընդգծեց, որ այս որոշումը սկսած է բացայայտուիլ` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ Սուրիոյ դէմ միջազգային դաւադրութիւն գոյութիւն ունի:

Ակնարկելով Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի գործունէութեան` Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի մէջ փաստած է, թէ ինք կառչած կը մնայ բոլորը համախմբող Դիմադրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES