Անհրաժեշտ Է Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրը «Ազատ Արձակել»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբի աշխատանքին յետաձգումը մերժելի է` աւելցնելով, որ իրենց համար անհասկնալի է խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալու հոլովոյթին ձգձգումը:
Քանաան նշեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ստանայ այդ քուէն, որպէսզի կարենայ ժողովուրդին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել եւ նախագահական ընտրութիւնը կազմակերպել:
Քանաան կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք յանձնառու են Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ, «ազատ արձակելու» կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ անցնելու նախագահական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքին:
Ան զգուշացուց անիշխանութենէն եւ հարց տուաւ, թէ ո՞ւր պիտի դիմեն, եթէ կառավարութիւն եւ հանրապետութեան նախագահ չունենան:
Քանաան համախմբումին անունով կոչ ուղղեց վերջ տալու կնոջ եւ տղամարդուն միջեւ բոլոր խտրութիւններուն` աւելցնելով, որ անիկա կարելի չէ միայն օրէնսդրութեամբ եւ նոր օրէնքներու վաւերացումով կատարել, «որովհետեւ Լիբանանի մէջ կան կարգ մը օրէնքներ, որոնք ցարդ չեն գործադրուած», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ կինը պէտք է ներկայացուի հասարակական կեանքին մէջ եւ բոլոր մարզերուն մէջ ըլլայ առաջնորդն ու օրինակելի տիպարը:

