Մարոքի Մէջ. Մաշնուք Կը Մասնակցի Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Նիստին

Մաշնուքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Մարոքի մէջ

Մաշնուքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` Մարոքի մէջ

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ուղղուեցաւ Մարոք, ուր 12 եւ 13 մարտին պիտի մասնակցի արաբ ներքին գործոց նախարարներու նիստին:

Մաշնուքի ընկերակցեցան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ ներքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը:

Մարոքի մէջ Մաշնուք եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Մարաքեշի կառավարիչ Ապտել Սալամ Պիքարթի եւ Մարոքի մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Համտանի կողմէ:

Մաշնուք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ մարոքցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Հասատէն, որ ողջունեց անոր Մարոք ժամանումը:

Կը նախատեսուի, որ Մաշնուք եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը ուրբաթ, 14 մարտին վերադառնան Պէյրութ:

Share this Article
CATEGORIES