Նախագահ Սլէյման Բանակէն Պահանջեց Ամէն Գնով Պաշտպանել Սահմանամերձ Շրջանի Գիւղերը

Նախագահ Միշել Սլէյման

Նախագահ Միշել Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան վերահաստատեց Սուրիոյ պատերազմին մասնակից կողմերուն ուղղուած իր կոչը` սահմանամերձ շրջանի լիբանանեան գիւղերը զերծ կացուցելու ռմբակոծումէ:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց այն ռմբակոծումները, որոնք լիբանանցիներուն մօտ մարդկային եւ նիւթական վնասներ պատճառած են, յատկապէս Նապի Շիթի, Սերհինի եւ Պեքաայի մէջ:

Ան բանակի հրամանատարութենէն պահանջեց ընձեռուած բոլոր միջոցներով պաշտպանել սահմանամերձ շրջանի գիւղերը եւ անոնց բնակիչները, որոնք իրենց հոգիներէն եւ ապրուստէն կը վճարեն նման տագնապներու գինը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ երէկ առաւօտեան նախագահ Սլէյման նախագահեց Գերազանցութեան լիբանանեան մրցանակաբաշխութեան, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պէտք է գրուի այն թանաքով, որով արձանագրուած է «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այդ յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ Լիբանանի Ազգային ուխտին եւ իբրեւ այդպիսին կը ծառայէ երկրին անկախութեան: «Սակայն ցաւ ի սիրտ մենք չյարգեցինք մեր համաձայնութիւնը` ո՛չ խորհրդարանին մէջ, ո՛չ ազգային երկխօսութեան ընթացքին եւ ո՛չ ալ հանրապետութեան նախագահութեան պարագային գոյացած համաձայնութիւնները: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` լիբանանցի բոլոր պատասխանատուները պէտք է ժողովուրդէն ներում հայցեն, որովհետեւ չյարգեցին իրենց իսկ տուած որոշումները», աւելցուց ան:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» կարեւորութեան չանդրադարձողը աւելի ուշ պիտի գիտակցի անոր կարեւորութեան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան խորհրդարանն է, որ վաւերացուցած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան մը ստեղծելու պահանջը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց քարիւղի թղթածրարը հեռացնելու քաղաքական հարցերէն եւ ընտրարշաւներէն, որովհետեւ այդ հարցը կրնայ քանդել պետութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES