Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Մշակումը Անելի Մատնուեցաւ

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յանձնախումբի Ժ. նիստին, որուն ընթացքին յստակացաւ, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը անելի մատնուած է:
Այլ խօսքով` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ եւ այդ թղթածրարին քննարկումը փոխանցեց նախարարաց խորհուրդին:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, իմանալէ ետք պատահածը, կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 13 մարտին, Պաապտայի մէջ:
Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումին հոլովոյթը:
Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ յանձնախումբի նիստին ընթացքին կատարուած քննարկումները խաղաղ էին եւ առարկայական, սակայն հիմնական հարցը մնացած է Դիմադրութեան թղթածրարը, որուն մասին քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ իր կեցուածքին կառչած մնացած է:
Ան շեշտեց, որ նոր տուեալներու յայտնաբերման պարագային նախարարաց յանձնախումբը պատրաստ է շարունակելու իր խորհրդակցութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ առաւօտեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆլեչըր շեշտեց, որ Լոնտոն կը զօրակցի Լիբանանի չէզոքութեան եւ կայունութեան` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէնէն մօտիկ ապագային յանգիլ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մը:

