Ըստ Մամետեարովի. Ազրպէյճանական Կողմը Պատրաստ Է Ղարաբաղեան Հարցով Հաշտութեան Համաձայնագիր Կնքելու, Սակայն…

Մամետեարով - Մինսքի խմբակի համանախագահներ հանդիպումէն պահ մը

Մամետեարով – Մինսքի խմբակի համանախագահներ հանդիպումէն պահ մը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլայեւ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու փարիզեան հանդիպումին ժամանակ քննարկուած են հարցեր, որոնք կը վերաբերին ստեղծուած տագնապի լուծման վերաբերեալ բանակցութիւններու իրավիճակին»:

Ան նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին անհանգստութիւն արտայայտուած է` ղարաբաղեան տագնապի անլոյծ մնալուն առնչութեամբ: Մամետեարով յայտարարած է, որ ազրպէյճանական կողմը պատրաստ է ստորագրելու բազմակողմ համաձայնագիր, սակայն խաղաղ հոլովոյթի յառաջ ընթանալուն համար «նախ Հայաստանի զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»:

Մամետեարովի եւ համանախագահներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է 10 մարտին:

Share this Article
CATEGORIES