«Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Հանդիպին Այս Ամիս» Ըսաւ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է, որ «մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպին այս ամիս: Միայն անոնք կրնան զբաղիլ խաղաղութեան հաստատման խրթին հարցերով»:

Ան նաեւ գրած է. «Ես լսած եմ մտահոգութիւններ, որ մինչ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Ուքրանիոյ վրայ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բռնութիւնը կրնայ աճիլ: Պէ՞տք է մտահոգուինք»:

Ուորլիք նաեւ գրած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին մասին` զայն որակելով «արդիւնաւէտ»:

Share this Article
CATEGORIES