Քըրք Ազրպէյճանական Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Հակահայ Յարձակողականը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդեց, որ Իլինոյզէն հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք, Սումկայիթի մէջ իրականացուած ջարդերու 26-րդ տարելիցին առիթով քննադատած է ազրպէյճանական սպառնալիքները Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հասցէին:
Մարք Քըրք իր յայտարարութեան մէջ նախ վերյիշած է 26-28 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ հայերուն նկատմամբ իրականացուած ջարդերը` նշելով, թէ սարսափելի այս արարքներուն հեղինակները մինչեւ այսօր պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած:
Ան կոչ ուղղած է ազրպէյճանական այսօրուան իշխանութիւններուն դադրեցնելու հակահայ քարոզչութիւնը, ինչ որ կրնայ ապակայունացնել շրջանին մէջ իրադրութիւնը:
Ծերակուտական Քըրքի քննադատութիւնները ողջունած է Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Քեն Խաչիկեան:

