Մինասեան Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղէ 22 Մարտին Միանալու Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգին Դէմ Կատարուելիք Ցոյցին

Արծուիկ Մինասեան
Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու պահուն ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, շնորհակալութիւն յայտնելով կենսաթոշակային բարեփոխման դէմ պայքարող բոլոր քաղաքացիներուն հետեւողական պայքարին համար, միաժամանակ տարակուսանք յայտնեց 7 մարտին «Դէմ եմ պարտադիրին» շարժման բողոքի ցոյցի ժամանակ ոստիկանութեան ոչ իրաւաչափ գործողութիւններուն առիթով: Մինասեան նշեց, որ քաղաքացիներու բողոքը եւ երիտասարդներու ոգեւորութիւնը կը ջղայնացնեն իշխանութիւնները, բայց, Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, քաղաքացին իրաւունք ունի իր բողոքը արտայայտելու եւ խաղաղ հաւաքներ կազմակերպելու:
Պատգամաւորը յայտնեց, որ իշխանութիւնները պէտք է պարտաւորուած ըլլան այդ բողոքի հիման վրայ փոխանցուած դժգոհութիւնը հաշուի առնելու, ինչ որ չի նկատուիր գործադիր իշխանութեան կողմէ: Ըստ անոր, կառավարութիւնը ոչ միայն իր տարբեր օղակներուն միջոցով կը ստիպէ գործատուներուն ընտրել ֆոնտեր եւ պահումներ կատարել, այլ նաեւ կ՛անտեսէ Ազգային ժողովի պատգամաւորին գրաւոր հարցը: «7 փետրուարին գրաւոր հարցում ուղղած եմ կառավարութեան, Կեդրոնական դրամատան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, արդարադատութեան, տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն, Պետական եկամուտներու կոմիտէին առ այն, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումներէն ետք այս մարմինները պարտաւոր էին ելեկտրոնային հաշուետուութիւններու համակարգին մէջ իրականացնել այնպիսի փոփոխութիւններ, որ գործատուները կարելիութիւն ունենան իրենց կամքը արտայայտելու: Սակայն առ այսօր որեւէ պատասխան չկայ, բացառութեամբ տնտեսութեան նախարարութեան, որ պատասխանած է, եւ պատասխանը փոխանցուած է աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, եւ արդարադատութեան նախարարութեան պատասխանը, որ ընդամէնը վկայակոչած է Սահմանադրական դատարանի աշխատակարգային որոշումը», ըսաւ ան: Պատգամաւորը բոլորին կոչ ուղղեց միանալու 22 մարտին կուտակային կենսաթոշակային համակարգին դէմ տեղի ունենալիք հերթական ցոյցին:

