Բարգաւաճ Հայաստան – Հայ Ազգային Քոնկրես Բարձրաստիճան Հանդիպում

bhk-hak1Երէկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ ազգային քոնկրես-Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին առջեւ դրուած խնդիրները, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է չորս ոչ իշխանական խորհրդարանական ուժերու համախմբուած գործելը:

Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան լրագրողներուն յայտնեց, որ երկկողմանի այս հանդիպումները ընդամէնը օժանդակ բնոյթ կը կրեն, եւ իրենց համագործակցութիւնը Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ պիտի ըլլայ միայն «4 քաղաքական ուժերու ձեւաչափով»: Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրեսի պատգամաւոր Արամ Մանուկեան իր կարգին նշեց, որ հանդիպման ժամանակ դրուած են որոշակի հարցեր, եւ անոնց շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են: Ընդհանուր առմամբ` երկու քաղաքական գործիչներն ալ արդիւնաւէտ նկատեցին հանդիպումը: Հանդիպումին Հայ ազգային քոնկրեսէն մասնակցեցաւ Լեւոն Զուրաբեան, Արամ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Աւետիս Աւագեան, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն` կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան, Նայիրա Զոհրաբեան, Վարդան Օսկանեան եւ Ստեփան Մարգարեան:

 

Share this Article
CATEGORIES