Վարդանեան. «Պիտի Շարունակենք Չորս Քաղաքական Ուժերու Ձեւաչափով Աշխատիլ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց, որ նախորդ շաբաթ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն հանդիպման նպատակն էր քննարկել ստեղծուած իրավիճակը, ելքեր որոնել եւ ճշդել համագործակցութեան շրջանակները:
Գագիկ Ծառուկեան նախորդ շաբաթ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներ Մարգարեանը, Արմէն Ռուստամեանը եւ Աղուան Վարդանեանը հրաւիրած էր հանդիպման: Իսկ ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Ժառանգութիւնը ժամանակէ մը ի վեր տարբեր հարցերու շուրջ հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն, յաճախ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարց կը բարձրացնեն, երբեմն ալ ընդհանուր իշխանափոխութեան մասին կը խօսին: Վարդանեան ընդգծեց, որ պիտի շարունակեն չորս քաղաքական ուժերու ձեւաչափով աշխատիլ եւ իրենց սկզբունքներն ալ միշտ նոյնը կը մնան` գտնել ընդհանրութիւններ, դնել այն հարցերը, ուր բոլորին մօտեցումները նոյնն են, եւ անկէ ետք դնել իշխանափոխութեան հարցը:
Դաշնակցական պատգամաւորը անգամ մը եւս կրկնեց, որ կան չորս տարբեր քաղաքական ուժեր` իրենց մօտեցումներու տարբերութեամբ, աշխարհահայեացքներու, պատմութեան տարբերութեամբ: «Մենք այս հանգրուանին կարեւոր նկատելով համագործակցութիւնը, լայն հիմքեր ստեղծելը` որոշակի խնդիրներ կը դնենք մեր առջեւ: Այս որոշակի խնդիրը դրուած է, պիտի կարենա՞նք բոլորս համաձայնութեան գալ: Եթէ եղաւ ընդհանուր համաձայնութիւն, անոր մասին կը յայտարարենք եւ ընդհանուր գործողութիւններ կը կատարենք: Անկէ ետք կ՛առնենք յաջորդ քայլը», եզրափակեց դաշնակցական պատգամաւորը:

